Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը ՏԱՀԵՇ-ը Պարտութեան Մատնելու Միակ Երաշխիքն Է» Ըսաւ Ռուհանի - Հայերէն
11 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

30 Eylül 2015  

Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը ՏԱՀԵՇ-ը Պարտութեան Մատնելու Միակ Երաշխիքն Է» Ըսաւ Ռուհանի -

Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը ՏԱՀԵՇ-ը Պարտութեան Մատնելու Միակ Երաշխիքն Է» Ըսաւ Ռուհանի Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը ՏԱՀԵՇ-ը Պարտութեան Մատնելու Միակ Երաշխիքն Է» Ըսաւ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` արաբական միակ երկրին իշխանութեան գլխուն մնալը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու եւ զայն պարտութեան մատնելու միակ երաշխիքն է»: «Երբ մեր առաջին նպատակը ահաբեկիչները պարտութեան մատնելը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլն ու անոնց գոյութեան վերջ տալն է, ապա կեդրոնական կառավարութեան իշխանութեան աջակցելուն այլընտրանք չունինք», նշեց ան:

Ռուհանի նաեւ նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ազատ արձակելու ամերիկացի բանտարկեալներ, ինչպէս` «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի լրագրող Ճէյսըն Ռազեանը, եթէ Միացեալ Նահանգներ ազատ արձակեն իրենց մօտ արգելափակուած իրանցիները:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ իր երկիրը կը շարունակէ ընդդիմանալ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցումի մը, որուն մէջ դեր կ՛ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ: «Փոխանցման հանգրուանին Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը զայն փոխանցային պիտի չդարձնէ, այլ` մնայուն կատարուած իրողութիւն»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց. «Սուրիոյ շուրջ միջազգային կապի խմբակը, որուն մաս կը կազմեն Ռուսիան, Իրանը, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Եգիպտոսը, կրնայ հոկտեմբերին գումարել ժողով մը»:

Մինչ այդ, ռուսական «Ուորֆայլզ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ օդուժը Սուրիա հասնելէն անմիջապէս ետք Հալէպի նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կատարած է շարք մը օդային հարուածներ: Ռուսիոյ օդուժին ցամաքէն աջակցած է Սուրիոյ բանակը: Գործողութիւններուն ընթացքին ոչնչացուած են 120-140 իսլամականներ: Մասնաւորաբար հրամանատարի հետ միասին ոչնչացուած են ՏԱՀԵՇ-ի կազմին մէջ կռուող «Ազրպէյճանական գումարտակ»-ը, Ռաքքայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մարտական պահեստները եւ հրամանատարութեան կեդրոնը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Այալոն յայտնեց, որ անցեալ երկու օրերուն ընթացքին Սուրիոյ տարածքէն սուրիական բանակին գործողութեան պատճառով Իսրայէլի մէջ ինկած երկու ռումբերը Իսրայէլի գերիշխանութեան ոտնահարում եւ «կարմիր գիծի շրջանցում» են` նշելով. «Իսրայէլ այդպիսի դէպքերու նկատմամբ ձեռնածալ պիտի չմնայ» եւ Սուրիոյ վարչակազմն ու անոր բանակը պատասխանատու կը նկատէ անոնց հողերուն վրայի իրադարձութիւններուն համար:

«Իսրայէլ աշխատանք պիտի տանի արգիլելու իսրայէլացի քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ոտնահարելու որեւէ փորձ»:

Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան օդուժը կիրակի գիշեր հարուածեց Կոլանի մէջ շարք մը դիրքեր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+