Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կը Խոստանայ Ընտրուելու Պարագային Պետականօրէն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւն - Հայերէն
05 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Ահրանք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

04 Ekim 2015  

Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կը Խոստանայ Ընտրուելու Պարագային Պետականօրէն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւն -

Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կը Խոստանայ Ընտրուելու Պարագային Պետականօրէն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւն Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կը Խոստանայ Ընտրուելու Պարագային Պետականօրէն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ տեղի ունեցող ժողովին ընթացքին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը:

Կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի կողմէ ներկայացուած նախընտրական ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ ընտրուելու պարագային կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ կէտը ընդունուած է ծափահարութիւններով:

«Կուսակցութիւնը պատմութեան ընթացքին տարբեր ազգերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու եւ կոտորածներու համար պետութեան անունով ներում հայցելու համար աշխատանք պիտի տանի», ըսած է Եիւքսեքտաղ, ինչին սրահին մէջ ներկաները ծափահարութիւններով արձագանգած են:

Քիւրտ գործիչը նշած է, որ ընտրուելու պարագային իրենք պիտի վերցնեն Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը եւ պիտի զարգացնեն տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմաններու պիտի բանան Հայաստան – Թուրքիա սահմանը: «Հայերուն հետ բարեկամութեան կամուրջներ պիտի կառուցենք», ըսած է ան:

Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները նախատեսուած են 1 նոյեմբերին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+