Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Եւ 6 Եպիսկոպոսներու Գործը Վերստին Ուղարկուեցաւ Արմաւիրի Մարզի Դատարան - Հայերէն
09 Eylül 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Ձոպաբեր / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

08 Eylül 2026  

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Եւ 6 Եպիսկոպոսներու Գործը Վերստին Ուղարկուեցաւ Արմաւիրի Մարզի Դատարան -

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Եւ 6 Եպիսկոպոսներու  Գործը Վերստին Ուղարկուեցաւ Արմաւիրի Մարզի Դատարան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Եւ 6 Եպիսկոպոսներու Գործը Վերստին Ուղարկուեցաւ Արմաւիրի Մարզի Դատարան

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական գործը վերստին ուղարկուած է Արմաւիրի մարզի դատարան:

Վճռաբեկ դատարանը մասնաւորապէս որոշած է, որ քրէական վարոյթը պէտք է քննուի Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի դատարանին մէջ:

«Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատը արձանագրած է, որ Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին կողմէ քրէական վարոյթը Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարան փոխանցելով, դատարանը դրսեւորած է բացառապէս ենթակայական եւ ձեւական մօտեցում` առանց առարկայական նախադրեալներու նախաձեռնելով ընդդատութեան վէճ ու անհարկի դատական շրջապտոյտ, անով իսկ յառաջացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ու Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին եւրոպական հռչակագիրով երաշխաւորուած` ողջմիտ ժամկէտի մէջ գործի քննութեան եւ անկէ ածանցուող իրաւունքներու խախտման վտանգ», նշուած է Վճռաբեկ ատեանի յայտարարութեան մէջ:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուցին, որ գործը պիտի քննէ դատաւոր Սերժ Ռուշանեանը, որ անգամ մը գործը ուղարկած էր Երեւան: Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեանն ալ դիմած էր Վճռաբեկ դատարան` վարոյթի տարածքային ընդդատութեան հարցը վճռելու համար:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+