Փեսքով. «Փաշինեանը Յառաջիկային Կրնայ Մոսկուա Այցելել» -
Փեսքով. «Փաշինեանը Յառաջիկային Կրնայ Մոսկուա Այցելել»
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկային կրնայ Ռուսիա այցելել: Այցելութիւնը կը նախատեսուի այս տարուան ընթացքին, սակայն յստակ թուականները տակաւին չեն որոշուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Փաշինեանի` Մոսկուա այցելութեան մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր 1 սեպտեմբերին Պիշքեքի մէջ` Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման ժամանակ:
Հանդիպումէն ետք Փաշինեան յայտարարած էր, թէ համաձայնած են «անկեղծ եւ կառուցողական խօսակցութիւնը» շարունակել Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com