ԵԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութեան Ջնջման Վերաբերող Սահմանադրական Փոփոխութ - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

31 Mayıs 2016  

ԵԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութեան Ջնջման Վերաբերող Սահմանադրական Փոփոխութ -

ԵԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութեան Ջնջման Վերաբերող Սահմանադրական Փոփոխութ ԵԱՀԿ-ն Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Մէջ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութեան Ջնջման Վերաբերող Սահմանադրական Փոփոխութեան Որդեգրումը

Արմէնփրես կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Իլքա Քանեւրա եւ ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի տնօրէն Մայքըլ Ճորճ Լինք մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութեան գծով, որ կը նախատեսէ ջնջել անձեռնմխելիութիւնը այն երեսփոխաններու, որոնց վերաբերող հետաքննութիւն կը կատարէ դատարանը:

Յայտարարութեան մէջ Քանեւրա ընդգծած է, որ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը կը հանդիսանայ ազատ գործելու երաշխիք, մինչդեռ ատոր ջնջումը կը վտանգէ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու տարանջատումը` վնասելով երկրի խորհրդարանական կեանքի բազմակարծութիւնը: «Թուրքիան ԵԱՀԿ-ի 56 երկիրներու հետ պարտաւորուած է աջակցիլ քաղաքական բազմակարծութեան եւ տրամադրել քաղաքական կուսակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն անհրաժեշտ օրէնսդրական երաշխիքներ` թոյլ տալով մրցիլ իրարու դէմ, օրէնքի եւ իշխանութիւններու առջեւ հաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ: Մենք թրքական իշխանութիւնները կը յորդորենք տէր կանգնիլ այս յանձնառութեան», նշած է Լինք:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+