Թուրքիոյ Իրադարձութիւններուն Նկատմամբ Մտահոգութենէ Բխող Կոչեր - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

23 Temmuz 2016  

Թուրքիոյ Իրադարձութիւններուն Նկատմամբ Մտահոգութենէ Բխող Կոչեր -

Թուրքիոյ Իրադարձութիւններուն Նկատմամբ Մտահոգութենէ Բխող Կոչեր Թուրքիոյ Իրադարձութիւններուն Նկատմամբ Մտահոգութենէ Բխող Կոչեր

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ եւ կոչ ուղղած երկրի իշխանութիւններուն հարցերը լուծելու իրաւական դաշտին մէջ:

Պայտըն կոչ ուղղած է թրքական ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու միայն խաղաղ միջոցներով:

Ան ընդգծած է, որ զինեալ յեղաշրջումի փորձի մասնակիցներուն հետապնդումը պէտք է կատարուի ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ օրէնքի տառին համապատասխան:

Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան հարցերու եւ արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Թուրքիան պէտք չէ ժողովրդավարական կառոյցները օգտագործէ մարդկային իրաւունքները սահմանափակելու համար:

«Մենք մեր թուրք բարեկամներուն շատ յստակ կերպով կ՛ըսենք, որ ամբողջական կերպով կը զօրակցինք ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ օրինական կառոյցներուն, սակայն չկայ արդարացում մը կամ ձեւ մը, որուն միջոցով հակադարձութիւնը կրնայ հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները սահմանափակել», ըսաւ Մոկերինի:

«Այն, ինչ որ կը տեսնենք, մասնաւորաբար համալսարաններու, լրատուամիջոցներու եւ դատարաններու ոլորտներուն մէջ, անընդունելի է», նշեց ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` երկրին մէջ արտակարգ դրութեան հաստատումէն ետք պահպանելու մարդկային իրաւունքները:

Քի Մուն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պահանջեց, որ Թուրքիոյ մէջ յարգուին սահմանադրական կարգը, մարդկային իրաւունքները, ներառեալ` խօսքի ազատութիւնը, հաւաքներ կատարելու ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան համակարգի եւ օրէնքի անկախութիւնը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնեց, որ արտակարգ դրութեան գործադրութեան մէջ ամբողջական թափանցիկութիւն ըլլայ:

Կիւլենի Արտայանձնման Հարցին Շուրջ
Պայտըն-Եըլտըրըմ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ:

Անոնք քննարկած են Անգարայի կողմէ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձը կազմակերպելու համար մեղադրուող իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման հարցը:

Պայտըն յայտնած է, որ այս հարցին մէջ պէտք է նախ որոշում տան Միացեալ Նահանգներու անկախ դատարանները: Միաժամանակ փոխնախագահը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են խնդիրին առնչութեամբ աշխատելու Թուրքիոյ հետ:

Եըլտըրըմ իր կարգին յիշեցուցած է, որ իրենք արդէն Կիւլենի արտայանձնման պահանջով համապատասխան դիմում ուղարկած են Միացեալ Նահանգներ: Ան յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ իբրեւ Թուրքիոյ դաշնակից Կիւլենը կ՛արտայանձնեն Անգարայի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին նշեց, որ Կիւլենին պէտք է արգիլել այլ երկիր ճամբորդել` աւելցնելով. «Ամերիկեան իշխանութիւնները առաջարկեցին Կիւլենը մեզի յանձնելու հարցին քննարկումին համար յանձնախումբ մը կազմել»:

«Կիւլենի արտայանձնման հոլովոյթը պէտք չէ տարիներ տեւէ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով. «Բանակի, լրատուական մարզի գործիչներուն եւ դատաւորներուն շարքերուն մէջ Կիւլենի հետեւորդներ կան»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Չաւուշօղլու Յունաստանի իշխանութիւններուն յորդորած է Թուրքիոյ յանձնել ուղղաթիռով յունական Ալեքսանտրուփոլիս փախուստ տուած թուրք զինուորները:

«Յեղաշրջումի փորձին նախաձեռնողները քաղաքական ապաստան կը պահանջեն: Սակայն անոնք չեն կրնար տեղաւորուիլ քաղաքական ապաստանի ծիրին մէջ: Յունաստանի իշխանութիւններէն մեր սպասումը համագործակցիլն ու արդար գործելաոճով այդ դաւաճանները Թուրքիա ուղարկելն է», ըսած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ մէջ ձախողած զինուորական յեղաշրջումի փորձէն ետք, ուղղաթիռով Յունաստանի քաղաքներէն Ալեքսանտրուփոլիս փախած 8 թուրք զինուորներու նկատմամբ դատավարութիւնը աւարտած է: Ապօրինի ճամբով Յունաստան մուտք գործելու մեղադրանքով յունական դատարանը թուրք զինուորները դատապարտած է երկու ամսուան բանտարկութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+