Իսլամութիւնը Բռնութեան Հետ Նոյնացնելը Սխալ Է Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

02 Ağustos 2016  

Իսլամութիւնը Բռնութեան Հետ Նոյնացնելը Սխալ Է Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը -

Իսլամութիւնը Բռնութեան Հետ Նոյնացնելը Սխալ Է Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը Իսլամութիւնը Բռնութեան Հետ Նոյնացնելը Սխալ Է Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ֆրանչիսկոս պապը` անդրադառնալով աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ յաճախակի դարձած ահաբեկչական յարձակումներու նիւթին, ըսած է, որ իսլամութիւնն ու բռնութիւնը նոյնացնելը ճիշդ չէ:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ պապը բացատրած է, որ ահաբեկչութեան հիմքը ոչ թէ կրօնն է, այլ` ընկերային անարդարութիւնն ու դրամի նկատմամբ ագահութիւնը, նիւթապաշտութիւնն ու դրամի աստուածացումը:

«Կը կարծեմ` ճիշդ չէ իսլամութիւնը բռնութեան հետ նոյնացնելը: Իրականութեան մէջ ատիկա սուտ է, որովհետեւ բոլոր կրօններուն մէջ ալ կան փոքր արմատական խումբեր: Մենք` կաթողիկէներս ալ, ունինք այդպիսի ներկայացուցիչներ: Ես չեմ սիրեր խօսիլ իսլամութեան հետեւորդներուն գործած բռնարարքներուն մասին, որովհետեւ ամէն օր, երբ թերթերը կը կարդամ, կը տեսնեմ, որ այստեղ` Իտալիոյ մէջ, մէկը սպաննած է իր ընկերուհին կամ զոքանչը: Իսկ այդ մարդասպանները մկրտուած կաթողիկէներ են:

«Ուստի` եթէ խօսիմ իսլամներու գործած բռնարարքներուն մասին, պարտաւոր եմ խօսիլ նաեւ կաթողիկէներու գործած նոյնպիսի արարքներու մասին», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+