Էրտողան Զգուշացուցած է Եզտիները Եւ Զանոնք Սխալմամբ Քրիստոնեայ Անուանած է - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

18 Ekim 2016  

Էրտողան Զգուշացուցած է Եզտիները Եւ Զանոնք Սխալմամբ Քրիստոնեայ Անուանած է -

Էրտողան Զգուշացուցած է Եզտիները Եւ Զանոնք Սխալմամբ Քրիստոնեայ Անուանած է Էրտողան Զգուշացուցած է Եզտիները Եւ Զանոնք Սխալմամբ Քրիստոնեայ Անուանած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ երկրի տարածքին գտնուող եզտիները «սխալ խաղերու» մէջ ներգրաւուած են: Ան զգուշացումներ յղած է անոնց` կոչ ընելով «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման հետ չհամագործակցելու: Tert.am-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը:

«Եզիտինե՛ր: Տեսէք, յանկարծ ահաբեկիչներու հետ համագործակցութեան մէջ չմտնէ՛ք: Մենք բացինք մեր դռները ձեր առջեւ: Չըսինք` «քրիստոնեայ է», խտրականութիւն չդրսեւորեցինք, բացինք մեր դուռը: Սակայն հիմա դուք սխալ խաղերու մէջ կը մտնէք: Այս սխալ խաղերը ձեզի օգուտ չեն բերեր, այս ամէնը ձեզի վնաս կը բերէ, սա այստեղէն կ՛ըսեմ», – յայտարարած է Էրտողան:

Այս յայտարարութիւններէն ետք «Ճումհուրիէթ»-ի թուրք լրագրող Թայֆուն Աթայը, անդրադառնալով Էրտողանի ելոյթին, փորձած է ուղղել նախագահը:

«Յարգելի՛ նախագահ, եզտիները քրիստոնեայ չեն: Եզտիականութիւնը զրադաշտականութիւն եւ ատոր հետ մէկտեղ իսլամէն, քրիստոնէութենէն, մանիքէականութենէն ու այլ հին կրօններէ ազդեցութիւն կրած հաւատամք է», – գրած է լրագրողը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+