Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

05 Ağustos 2020  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն

Պէյրութը ցնցած հսկայական պայթումէն անմիջապէս ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերը եւ անձամբ ստուգեց հայորդիներուն կրած նիւթական ահաւոր վնասները:

Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Խաչերեան, Բենիամին Պչաքճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ:

Վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ իր շրջապտոյտին սկսաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանէն, ապա անցաւ Աբրահամ Աշճեան պողոտայէն: Ամբողջ այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը բնակիչներուն հետ ուղղակի զրոյցի ընդմէջէն յուզմունքով իրազեկ դարձաւ անոնց վիճակին:

Վեհափառ հայրապետը այցելեց նաեւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբ, ուր կային խումբ մը վիրաւոր հայորդիներ: Վեհափառը հետաքրքրուեցաւ անոնց առողջութեամբ եւ բարի ապաքինում մաղթեց անոնց: Վեհափառ հայրապետը ականատես դարձաւ նաեւ «Սարդարապատ» ակումբին կրած վնասներուն: «Սարդարապատ» ակումբին մէջ վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտէն մեկնելէ առաջ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որպէսզի ժողովուրդին անմիջական կարիքները հոգացուին:

Ուշ գիշերին «Սարդարապատ» ակումբ այցելեցին նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան: Անոնք ծանօթացան արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն:

Միաժամանակ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր ան հետեւեցաւ վիրաւորներուն մատուցուած խնամքին: Ան այցելեց նաեւ Հայաշէնի ժողովրդային տուն եւ «Ազատամարտ» ակումբ, ուր ան ծանօթացաւ վնասներուն:




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+