​Պէյրութ Տակաւին Իր Աւերակները Կը Մաքրէ, Իսկ Նաւահանգիստը Կը Շարունակէ Աշխատի - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

23 Ağustos 2020  

​Պէյրութ Տակաւին Իր Աւերակները Կը Մաքրէ, Իսկ Նաւահանգիստը Կը Շարունակէ Աշխատի -

​Պէյրութ Տակաւին Իր Աւերակները Կը Մաքրէ, Իսկ Նաւահանգիստը Կը Շարունակէ Աշխատի ​Պէյրութ Տակաւին Իր Աւերակները Կը Մաքրէ, Իսկ Նաւահանգիստը Կը Շարունակէ Աշխատի

Լիբանանն ու լիբանանցին կը շարունակեն ապրիլ Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին պատճառով ինկած զոհերուն յուղարկաւորութեան մթնոլորտը:

15-ամեայ պատանիին թաղումէն մինչեւ այն բոլոր սպիտակ դագաղները, որոնք «հարսանիք»-ի կազմակերպուածութեամբ կը փոխադրուին եկեղեցի եւ ծափողջոյններով կը դիմաւորուին, աւելի եւս կը յուզեն լուրերուն եւ իրադարձութիւններուն հետեւողները` աղերսանքի մատնելով լիբանանցիին երբեմնի կենսուրախութիւնը:

Սուգի մատնուած հարիւրաւոր ընտանիքներուն հետ միլիոնաւոր լիբանանցիներ` ըլլան անոնք բնակիչներ թէ արտերկրի լիբանանցիներ, կը ցաւակցին, կը բաժնեն վիշտն ու ցաւը եւ բարոյապէս ու նիւթապէս կը փորձեն իրարու օգտակար ըլլալ:

Միւս կողմէ, տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի աւարտեց Լիբանան կատարած իր եռօրեայ այցելութիւնը, որուն աւարտին ան հաստատեց, որ անմիջական օժանդակութիւն պիտի յատկացուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով 100 հազար վնասուած պարագաներու:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը անմիջական օժանդակութիւն պէտք է տրամադրէ Պէյրութի բնակարաններու եւ ենթակառոյցի շինութեան, այլապէս` ան արտօնած պիտի ըլլայ, որ «կալուածներու կէտեր»-ը Պէյրութի սիրտը քանդեն:

Փոխվարչապետի ու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր երէկ այցելեց Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ ստեղծուած շտապի յանձնախումբին գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ շտապի յանձնախումբի նախագահ գնդապետ-զօրավար Սամի Հուայեքի, Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտի, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններու, Լիբանանեան Կարմիր խաչի եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նահանգապետութեան եւ Պէյրութի քաղաքապետարանին կատարած աշխատանքները:

Աքր գնահատեց կատարուած աշխատանքը` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքներն ու օժանդակութիւնները պէտք է շարունակուին:

Աքր շեշտեց նաեւ կամաւորներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելու եւ տեղեկութիւններն ու աշխատանքները համակարգելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ եւ ազդու օժանդակութիւն հասնի պայթումէն տուժած քաղաքացիներուն:

Իր կարգին, Ապպուտ յայտնեց, որ վնասներու գնահատումի եւ փուլ գալու վտանգին ենթակայ շէնքերը ճշդելու աշխատանքը արդէն իսկ աւարտած է:

Ապպուտ յայտնեց, որ իրենց գնահատումով բնակարանային վնասներ կրած Պէյրութի բնակչութեան 50 առ հարիւրը, որոնց բնակարանները թեթեւ կամ միջակ վնասներ կրած են, իրենց տուները կրնան վերադառնալ առաւելագոյնը մէկ կամ մէկուկէս ամիսէն:

Այս շրջագիծին մէջ նախանցեալ օր Լիբանան այցելեց Ֆրանսայի զբօսաշրջութեան, արտերկրի ֆրանսացիներու եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան հարցերու նախարար Ժան Պաթիսթ Լըմուան, որ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ օժանդակութիւններ տրամադրող ֆրանսական բարեսիրական կազմակերպութիւններու, լիբանանեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Լըմուան հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ֆրանսական մարդասիրական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ օժանդակութիւններուն բաշխումը` լիբանանցի ժողովուրդին, որ Լըմուանի Լիբանան այցելութեան հիմնական նպատակն է:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեսակէտներ փոխանակուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեցութեան երկարաձգումին մասին:

Լըմուան շրջեցաւ Պուսթրոս պալատին մէջ` ծանօթանալով այն վնասներուն, որոնք պատճառած էր Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը:

Լըմուան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի, այցելեց ձիարշաւարան, ուր կեդրոնացած են ֆրանսական օժանդակութիւնները, եւ հետեւեցաւ այդ օժանդակութիւններու բաշխումի աշխատանքներուն:

Լըմուան հաստատեց, որ ինք Պէյրութի նաւահանգիստին եւ դպրոցներուն մէջ իրենց կատարած աշխատանքին ազդեցութիւնը շօշափած է եւ բարձր գնահատեց այդ աշխատանքը կատարեալ թափանցիկութեամբ կատարելու իրականութիւնը: Ան շեշտեց, որ օրինակելի աշխատանք կը կատարուի:

Լըմուան նկատել տուաւ, որ ինք Պէյրութի մէջ այցելած է լիբանանեան մշակութային աւանդ եւ արժէք ներկայացնող կարգ մը բնակարաններ` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ, որպէսզի այդ բնակարանները պահպանուին:

Նշենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստը, որ արդէն իսկ կը գործէ, իր աշխատանքները պիտի շարունակէ նաեւ շաբաթավերջին:

Երէկ նաւահանգիստ մուտք գործեցին 6 նաւեր, որոնք 9 հազար թոն ցորեն եւ բեռնարկղեր կը փոխադրէին:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստ հասած սննդեղէնը ստուգելէ ետք բեռնարկղերէն պիտի պարպուի այսօր եւ վաղը:

Լիբանան հասած օժանդակութիւններու շրջագիծին մէջ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար եւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ամին Նասրաուի Իրաքի նուիրած 34 սիթեռն մազութը ստանձնեցին ու զայն յանձնեցին Զահրանիի նաւթի շտեմարաններուն:

Երեկոյեան լիբանանեան բանակը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ստանձնեց Պելճիքայէն հասած մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւնները:







Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+