Համայնքային Վարժարաններու Մասին Ժողով Գումգաբուի Մէջ - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

03 Eylül 2020  

Համայնքային Վարժարաններու Մասին Ժողով Գումգաբուի Մէջ -

Համայնքային Վարժարաններու Մասին Ժողով Գումգաբուի Մէջ Համայնքային Վարժարաններու Մասին Ժողով Գումգաբուի Մէջ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէրով, 1 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Պէզճեան Սրահին մէջ, համայնքային վարժարաններու շէնքերուն երկրաշարժի տոկունութեան մասին խորհրդակցան ժողով մը տեղի ունեցաւ։ Ժողովին մասնակցեցան՝ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, «ԷՐՎԱՊ»ի եւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Ատենապետ՝ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուն, քաղաքիս մէջ գործող հայ վարժարաններու վարչութեանց ատենապետներ, հիմնադրի ներկայացուցիչներ եւ տնօրէններ, Գէորգ Էօզքարակէօզի գլխաւորած «ՀԱՅՃԱՐ»ի մասնագէտներու խումբը եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

Ժողովի բացման աղօթքը արտասանեց Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ ողջունեց ներկաները։ Նորին Ամենապատուութիւնը, ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները եւ նախ քան օրակարգի անցնիլը ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց երկու նիւթեր։ Պատրիարք Հայրը, վերամուտի առթիւ վարժարաններու ներկայացուցիչները շնորհաւորելէ ու յաջողութիւն մաղթելէ յետոյ առաջին հերթին անդրադարձաւ Քորոնա Համավարակի պատճառաւ գործադրուած հեռակայ դրութեան։ Այս դրութեան պատճառաւ, աշակերտներ տուներէն համակարգչի ճամբով կը հետեւէին դասաւանդութեանց։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ, ըստ իր ստացած տեղեկութեանց, կային աշակերտներ, որոնք համակարգիչ չունէին եւ այս պատճառաւ չէին կրնար հետեւիլ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, այդ կացութիւնը ներկաներուն նկատառման յանձեց եւ յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ պիտի սկսէր համակարգիչի կարիքը դիմագրաւելու արշաւ մը եւ այս ուղղութեամբ խնդրեց վարժարաններու եւս գործակցութիւնը։ Ապա անդրադարձաւ, փակ վայրերու մէջ մաքրութեան կարեւորութեան, յատկապէս այս շրջանին եւ յայտնեց թէ՝ Պատրիարքարան ներկայացած էր հականեխում կատարող հաստատութեան մը ներկայացուցիչները եւ յայտնած էին հականեխիչ ապահովելու իրենց պատրաստակամութիւնը։

Պատրիարք Հայրը ապա անցաւ բուն օրակարգին եւ անդրադարձաւ վարժարաններու երկրաշարժի տոկունութեան հարցին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, 31 Յունուար 2020-ին Պատրիարքարանի մէջ կայացած խորհրդակցական հանդիպումէ սկսելով մի առ մի ներկայացուց, այս հարցին շուրջ եղած զարգացումները։ Այս ուղղութեամբ, շնորհակալութիւն յայտնեց «ՀԱՅՃԱՐ»ի պատրաստակամութեան եւ ըսաւ թէ՝ Հայ Ճար-ի անդամները աշխատանքային խումբեր կազմելով մի առ մի այցելած էին վարժարանները եւ ճարտարապետական բացատրութեամբ «արագ քննարկումով վտանգի արժեւորում» (հըզլը ինճէլէմէ վէ րիսք փուանլամասը) կատարած եւ իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները հաղորդած էին Պատրիարքական Աթոռին, շեշտելով թէ իրենց քննարկման արդիւնքներով կարելի չէր ըսել թէ շէնք մը կը փլի եւ կամ չփլիր։ Այս շրջանին քանի վերջնապէս յստակ տուեալներ գոյութիւն չունէին, անտեղի խուճապներու պատճառ չըլլալու տրամաբանութեամբ, ոեւէ յայտարարութիւն մը չէր կատարուած։ Այս առիթով, Պատրիարք Հայրը շեշտեց թէ՝ Պատրիարքարան հասած ոեւէ գրաւոր թղթածրար մը գոյութիւն չունի։ Մեր Հոգեւոր Պետը եւս համակարծիք էր թափանցիկ ըլլալու եւ այս պատճառաւ ժողովի հրաւիրած էր վարժարաններու ներկայացուցիչները։

Ապա խօսք առաւ Գէորգ Էօզքարակէօզ եւ աշխատութեան մասին մասնագիտութեամբ զեկուցեց ներկաներուն։ Յայտնեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռին հրաւէին ընդառաջելով «ՀԱՅՃԱՐ»ի հովանիին ներքեւ կազմուած էր Երկրաշարժի Յանձնախումբ մը, զոր պիտի զբաղուէր յիշեալ հարցով։ Խումբի բոլոր անդամները առաջին հերթին իրենց քննարկումները կատարած էին Պէզճեան Մայր Վարժարանի մէջ եւ իրենց ստացած փորձառութեամբ ճշդած էին խումբի ուղին։ Այլապէս, գործընթացքը առաւել եւս արագացնելու տրամադրութեամբ անոնք 2-3 հոգիէ բաղկացեալ ենթա-խումբերու բաժնուած ու այցելած էին բոլոր վարժարանները։ Սակայն, դժբախտաբար Քորոնայի Համավարակի շրջանին կարելի չէր եղած ոեւէ աշխատութիւն կատարել։ Յայտնեց թէ՝ «ՀԱՅՃԱՐ»ի աշխատութիւնները բաւարար չէին, քանի այս ուղղութեամբ կարիքը կար առաւել եւս յառաջացած ու ծախսալից գործիքներու, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ճանաչողութիւն։ Անոնց աշխատութիւնը պիտի ունենար խորհրդակցական բնոյթ։ Իրենք այցելած էին 17 վարժարաններ ու քննած էին վարժարաններու բոլոր շէնքերը։

Գէորգ Էօզքարակէօզ առաջին հերթին ծանօթացուց խումբի անդամները եւ յայտնեց թէ՝ «ՀԱՅՃԱՐ»ը ունէր երեք նպատակ, որոնք էին քննել, դիւանական տուեալ պահել եւ տեղեկագիր պատրաստել։ Ծանօթութիւն տուաւ նաեւ վարժարաններու շէնքերու կառուցուածքին մասին ու անգամ մը եւս շեշտեց թէ՝ անոնք կարող չէին ըսելու թէ՝ շէնք մը ապահով է կամ ոչ։ Ապա, խումբի անդամները հակիրճ տեղեկութիւններ տուին անցեալի եւ սպասուած երկրաշարժերու մասին։ Առ այդ, յայտնուեցաւ թէ՝ մեր վարժարաններէն շատերը պատմական հնութիւն ունեցող շէնքեր էին եւ այս պատճառաւ իրենց մօտ կատարելի քննարկումները աւելի տարբեր ձեւերով պէտք էր կատարուեր, քանի անոնք կը կարօտէին նաեւ յատուկ արտօնութեանց։ Յայտնուեցաւ նաեւ թէ՝ այս ուղղութեամբ պաշտօնապէս աշխատութիւն կատարելու հնարաւորութիւն ունէին սակաւաթիւ մասնագիտական հաստատութիւններ։ Հուսկ, որպէս օրինակ ցոյց տրուեցաւ Գարակէօզեան Վարժարանի կատարել տուած աշխատութիւնը, որ համապատասխան աշխատութեան լաւ օրինակը կը հանդիսանար ու յայտնէր թէ՝ վարժարանի շէնքը տոկուն է։

Ապա, վարժարաններու ներկայացուցիչները մի առ մի, իրենց վարժարաններու մօտ տարուած աշխատութեան եւ պատկան մարմիններուն ներկայացուած տեղեկագրերու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Այս ուղղութեամբ, «ՀԱՅՃԱՐ»ի ներկայացուցիչները առաջարկեցին որ, անպայման աւելի ստոյգ աշխատութիւններ կատարուին մեր վարժարաններուն մօտ եւ անոնք օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին։

Պետրոս Շիրինօղլու եւս հանդէս եկաւ իր խօսքով եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց երկրաշարժի հարցին շուրջ։ Յայտնեց թէ՝ Ստանպուլի մօտ կը սպասուէր երկրաշարժ մը եւ շէնքերու տոկունութիւնը առաւել եւս կարեւորութիւն կը ստանար, քանի մեր շէնքերէն շատերը պատմական կառոյցներ էին։ Ինք, յատկապէս շեշտեց վարժարաններու մէջ ուսանող աշակերտներու ապահովութեան կարեւութիւնը ու ըսաւ թէ՝ այս հրամայականով վարչութեանց դիմած էր, հարկաւոր աշխատութիւնները պատկան մարմիններուն պահանջած ձեւով կատարելագործել։ Ինք, այս աշխատութեանց նիւթական երեսակին եւս անդրադարձաւ եւ իր մտահոգութիւնները բաց սրտով բաժնեց ներկաներուն հետ։

Ժողովին հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը, եւ յաջողութեամբ պսակուած ժողով մը համարեց այս մէկը, քանի բոլոր վարժարաններու ներկայացուցիչները սեղանի մը շուրջ համախմբուած էին։ Այս առումով վստահութիւն յայտնեց թէ՝ մեր համայնքը դժուարութեանց հետ պայքարած է միաբանական ոգիով եւ այս պարագային եւս վարժարաններու ու իրենց վարչութեանց միջեւ հրամայական էր սոյն ոգիին հաստատուիլը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտելով շեշտեց թէ՝ մեր համայնքի զաւակներուն ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր է եւ այս առումով բոլոր քննարկումները պէտք էր կատարելագործել։ Այս ուղղութեամբ թելադրեց «ՀԱՅՃԱՐ»ի ցուցմունքներուն ականջ տալ եւ ժամ առաջ վարժարաններու մասին ձեռք բերել պահանջուած փաստաթուղթերը։ Ժողովի աւարտին, Պատրիարք Հայրը մաղթեց նաեւ որ, նման ժողովները շատնան ու վարժարաններու միջեւ գործակցութիւնը առաւել եւս սերտանայ։









Bu haber facebook kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (facebook) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(facebook). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+