Եւրոպան Պէտք Է Աւելի Խիստ Ըլլայ Էրտողանի Հանդէպ» Կ՛ըսէ Մաքրոն - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

12 Eylül 2020  

Եւրոպան Պէտք Է Աւելի Խիստ Ըլլայ Էրտողանի Հանդէպ» Կ՛ըսէ Մաքրոն -

Եւրոպան Պէտք Է Աւելի Խիստ Ըլլայ Էրտողանի Հանդէպ» Կ՛ըսէ Մաքրոն Եւրոպան Պէտք Է Աւելի Խիստ Ըլլայ Էրտողանի Հանդէպ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հարաւային Եւրոպայի երկիրներու վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Աշխատանք պիտի տանիմ Թուրքիոյ նկատմամբ եւրոպական միացեալ կեցուածքի որդեգրման համար»` արեւելեան Միջերկրականի ճգնաժամին մէջ իր զօրակցութիւնը յայտնելով Յունաստանին:

«Եւրոպան պէտք է աւելի խիստ ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդէպ, եւ եւրոպական պետութիւններուն գերիշխանութիւնը կարմիր գիծ է», նշեց Մաքրոն:

«Կ՛ուզենք արեւելեան Միջերկրականի տագնապին մէջ խուսափիլ որեւէ մագլցումէ, սակայն Թուրքիան պէտք է իր մտադրութիւնները յստակացնէ», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը` շեշտելով. «Մեր աջակցութիւնը յայտնեցինք Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն, երբ թրքական սադրանքներու ենթարկուեցան»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտարարեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անձնական ու ազգայնական կեցուածքները լարուածութիւնը կը քաջալերեն եւ Եւրոպական Միութեան շահերը անդունդը կը նետեն»:

«Մաքրոն սրտի կսկիծով յարձակում կը գործէ Թուրքիոյ վրայ իր չարամիտ բոլոր ծրագիրները ձախողութեան մատնելէն ետք, նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր խաղերը խանգարելուն համար», նշեց նախարարութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ Արդիւնաւէտ Պատժամիջոցներ
Պէտք Է Հաստատէ» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս նշեց, թէ «Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Թուրքիոյ դէմ արդիւնաւէտ պատժամիջոցներ հաստատէ, եթէ ան իր նաւերը չհեռացնէ արեւելեան Միջերկրականի վիճելի շրջաններէն»:

«Իրապէս երկխօսութեան կարիք ունինք, սակայն ոչ սպառնալիքի տակ: Ինչ որ Յունաստանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը վտանգէ, նաեւ Եւրոպական Միութեան բոլոր անդամ պետութիւններուն հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը կը վտանգէ», ըսաւ Միցոթաքիս:

Ան նաեւ նշեց. «Եթէ Եւրոպան կ՛ուզէ իսկական աշխարհաքաղաքական իշխանութիւն ունենալ, պէտք չէ Թուրքիոյ յարձակողականութեան առջեւ զիջում կատարէ»:

«Թուրքիան տակաւին ժամանակ ունի պատժամիջոցներէ խուսափելու եւ ետքայլ կատարելու», ըսաւ ան` շեշտելով. «Անոնք պէտք է ետքայլ ընեն, (բանակցութիւններու) սեղան վերադառնան եւ շարունակեն աշխատանքը այն կէտէն, զոր լքեցին, երբ 2016-ին նախապատրաստական բանակցութիւններէն հեռացան, իսկ եթէ չկարողացանք համաձայնիլ, ապա պէտք է ջանանք Լա Հէյի մէջ լուծումի հասնիլ»:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ Կիպրոս, արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ հետ իր հարցին պատճառով արգելք հանդիսացած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Պիելոռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատէ, եւ ատոր փոխարէն ջանացած է իր տնտեսական գօտիին մէջ բնական կազի որոնման աշխատանքին մեղսակից թրքական 7 ընկերութիւններ ներառել Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու ցանկին վրայ:







Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+