Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Սենթ Լուիսի Առցանց Մրցաշարքին -
Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Սենթ Լուիսի Առցանց Մրցաշարքին
Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սենթ Լուիսի ճատրակի առցանց մրցաշարքին, որուն ազդանշանը կը տրուի այսօր՝ ուրբաթ, 11 սեպտեմբերին: Անիկա իր աւարտին կը հասնի նոյն ամսուն 19-ին:
«Champions Showdown Chess 9LX» ճատրակի այս առցանց մրցաշարքին կը մասնակցին՝ Կերի Գասպարով, աշխարհի ախոյեան՝ Մակնուս Քարլսըն, Ֆապիանօ Քարուանա, Հիքարու Նաքամուրա, Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Ուեսլի Սօ եւ շարք մը ուրիշ այլ ճատրակ խաղացողներ:
Մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր ֆոնտը կը կազմէ 150 հազար ամերիկեան տոլար:
Bu haber ermenihaber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (ermenihaber) ve yazarına ait olup,
Bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.