եկէք, Միանանք Վեհափառ Հայրապետին Աղօթքին -
եկէք, Միանանք Վեհափառ Հայրապետին Աղօթքին
Ո՜վ Տէր, Բեթղեհէմի հաւատքին բացուող առաջին ժողովուրդը եղանք։
Դարե՜ր շարունակ պատմութեան խաւարին ու չարին դէմ ամուր պահեցինք մեր հաւատքը՝ կենդանի ու արեան նահատակութեամբ։
Այսօր նոյն հաւատքով արիացած մեր զինուորները քաջօրէն կը պաշտպանեն քրիստոնէական հաւատքի ու արժէքներուն փարոսը դարձած Հայաստանը ու Արցախը եւ նոյն հաւատքին ու արժէքներուն ջահակիրը դարձած հայ ժողովուրդը։
Ո՜վ Տէր, եղիր պահապան մեր զինուորներուն։ Երկնային հովանիին ներքեւ չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ Հայաստանն ու Արցախը։ Բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ լուսաւորէ հոգիները մեր նահատակներուն։ Ամէն։
Սեպտեմբեր 28, 2020
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Bu haber CatholicosAramI kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (CatholicosAramI) ve yazarına ait olup,
Bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.