Դատը կ՚աւարտի կասկածներով լեցուն - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

15 Aralık 2020  

Դատը կ՚աւարտի կասկածներով լեցուն -

Դատը կ՚աւարտի կասկածներով լեցուն Դատը կ՚աւարտի կասկածներով լեցուն

8 Դեկ­­տեմբեր երեք­­շաբթի օր Երկրորդ Պատ­­ժա­­­կան Ատեանի մէջ կա­­յացաւ 2012-ին Սա­­մաթիոյ իր բնա­­կարա­­նին մէջ սպա­­նուած Մա­­րիցա Քիւ­­չիւքի դա­­տական նիս­­տը։ Նիս­­տին ներ­­­կայ էին Քիւ­­­չիւք ըն­­­տա­­­­­­­նիքի եւ ձեր­­­բա­­­­­­­կալեալ Մու­­­րատ Նա­­­զարեանի իրա­­­ւապաշտպան­­­նե­­­­­­­րը։ Կը բա­­­ցակա­­­յէին այս դա­­­տին մի­­­ջամու­­­խ ե­­­­­­­ղող Ըն­­­տա­­­­­­­նիքի, Աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի եւ Ըն­­­կե­­­­­­­րային Ծա­­­ռայու­­­թիւննե­­­րու Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րը։ Նոյնպէս մե­­­ղադ­­­րեալ Մու­­­րատ Նա­­­զարեան, որ պի­­­տի մաս­­­նակցէր Սի­­­լիվ­­­րիի բան­­­տէն տե­­­սալ­­­սո­­­­­­­ղական դրու­­­թիւնով, թեխ­­­նի­­­­­­­քական խան­­­գա­­­­­­­րումնե­­­րու պատ­­­ճա­­­­­­­ռով չէր կրցած մաս­­­նակցիլ։

Նիս­­­տի ըն­­­թացքին Քիւ­­­չիւք ըն­­­տա­­­­­­­նիքի փաս­­­տա­­­­­­­բան Ժիան Քա­­­յա նշեց, որ կող­­­մե­­­­­­­րը հա­­­մոզո­­­ւած են որ այս դէպ­­­քի ետին ու­­­րիշներ ալ կան, հե­­­տեւա­­­բար պէտք է հար­­­ցաքննու­­­թիւնը ծա­­­ւալի։ Դա­­­տարա­­­նը մեր­­­ժած է այս պա­­­հան­­­ջը։ Փաս­­­տա­­­­­­­բան Քա­­­յա «Ակօս»ի թղթակ­­­ցին յայտնեց թէ թղթած­­­րա­­­­­­­րը ետ վե­­­րադար­­­ձո­­­­­­­ւած էր նա­­­խարա­­­րու­­­թեան առար­­­կութեան հե­­­տեւան­­­քով։ Ան նշեց որ դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը հա­­­սած է վեր­­­ջին փու­­­լին եւ եզ­­­րա­­­­­­­կացու­­­թեան հա­­­մար ղրկո­­­ւած է դա­­­տախա­­­զին։ Ան կը կան­­­խա­­­­­­­տեսէ թէ դա­­­տակազ­­­մը 3 Մար­­­տ 2021-ի նիս­­­տին դար­­­ձեալ նոյն վճի­­­ռը պի­­­տի ար­­­ձա­­­­­­­կէ եւ խնդի­­­րը պի­­­տի աւար­­­տի։ Քա­­­յա նաեւ նշեց որ ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւած ամ­­­բաստա­­­նեալ Մու­­­րատ Նա­­­զարեանի փաս­­­տա­­­­­­­բանը Էսեն Կիւլ պա­­­հան­­­ջած էր Նա­­­զարեանի գոր­­­ծա­­­­­­­տէր Ազիզ Պու­­­տա­­­­­­­քին ալ վկա­­­յու­­­թիւնը։ «Դա­­­տակազ­­­մը այս պա­­­հանջն ալ մեր­­­ժած է» ըսաւ Ժիան Քա­­­յա։

Քիւ­­­չիւ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի իրա­­­ւապաշտպան Էրեն Քես­­­քին ալ յայտնեց թէ Նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը այս ոճի­­­րը կը գնա­­­հատէ իբ­­­րեւ կի­­­ներու դէմ բռնու­­­թիւն։ Էրեն Քես­­­քին յա­­­ւելեց հե­­­տեւեալը. «Այս նա­­­խարա­­­րու­­­թեան գնա­­­հատումն է։ Իրենք ու­­­զե­­­­­­­ցին այս դա­­­տին մի­­­ջամուխ ըլ­­­լալ, բայց նիս­­­տե­­­­­­­րուն չեն մաս­­­նակցած։ Նա­­­զարեան կը յա­­­մառի լռու­­­թիւն պա­­­հելու մէջ։ Այդ լռու­­­թիւնը ար­­­գելք կ՚ըլ­­­լայ իրա­­­կանու­­­թիւնը պար­­­զե­­­­­­­լու։ Այս թղթած­­­րա­­­­­­­րին մէջ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հա­­­կասու­­­թիւններ կան։ Դա­­­տակազ­­­մը կ՚ու­­­զէ այս դա­­­տը ժամ առաջ աւար­­­տել։ Ամ­­­բաստա­­­նեալի իրա­­­ւապաշտպանն ալ տե­­­ղեակ է, որ այս թղթած­­­րա­­­­­­­րը իրա­­­կանու­­­թիւնը չի ցո­­­լաց­­­ներ։ Ան ալ հա­­­մոզո­­­ւած է, որ խնդրի ետին ու­­­րիշներ ալ կան։ Ամ­­­բաստա­­­նեալը ինքն ալ կը պնդէ այս մա­­­սին, բայց կը խու­­­սա­­­­­­­բի անուններ նշե­­­լէ։ Ես ան­­­ձամբ բան­­­տի մէջ այ­­­ցե­­­­­­­լեցի զինք, բայց ստա­­­ցայ «Չեմ կրնար խօ­­­սիլ» պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը»։ Էրեն Քես­­­քին կ՚ըսէ թէ Քիւ­­­չիւքի ըն­­­տա­­­­­­­նիքն ալ յու­­­սալքո­­­ւած է։

Էրեն Քես­­­քին նաեւ յի­­­շեցուց, որ Մա­­­րիցա Քիւ­­­չիւքի սպան­­­նո­­­­­­­ւած օրե­­­րուն Սա­­­մաթիոյ մէջ ու­­­րիշ հա­­­յերն ալ յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մի են­­­թարկո­­­ւած էին եւ ինք պա­­­հան­­­ջած էր, որ հե­­­տազօ­­­տուին այդ դէպ­­­քե­­­­­­­րու իրա­­­րու հետ կա­­­պակ­­­ցութիւ­­­նը, բայց այդ պա­­­հանջն ալ մեր­­ժո­­­ւած էր։ «Այդ շրջա­­նին փաս­­տե­­­րը բա­­ւակա­­նաչափ չէին հա­­ւաքո­­ւած։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի ամէն ինչ կ՚ընեն քօ­­ղար­­կե­­­լու հա­­մար թէ կա­­տարո­­ւածը ատե­­լու­­թեան ոճիր մըն է»։ Ան վեր­­ջա­­­պէս յայտնեց թէ թղթած­­րա­­­րը պի­­տի փո­­խադ­­րեն ԵՄԻԱ։

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ








Bu haber Agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+