​Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի` Մեր Ազգին Ու - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

04 Ocak 2021  

​Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի` Մեր Ազգին Ու -

​Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի` Մեր Ազգին Ու ​Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի` Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Համար»

Բացուող Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէսմեր ժողովուրդին համար: Արդարեւ, «Քորոնա» ժահրին ու տնտեսական տագնապին առընթեր, Արցախի պատերազմը իր պատճառած հողային կորուստով ու քանդումներով, զոհերով ու վիրաւորներով խոր ցնցում յառաջացուց ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ: Վտանգուեցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ նոյնիսկ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:

Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ճգնաժամային այս կացութեան դիմաց ճիշդ չէ՛ անտարբեր մնալ. ճիշդ չէ՛ նաեւ յուսալքութեան տակ ընկճուած մնալ. Ճիշդ չէ՛ մանաւանդ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակին գերին դառնալ:

Արդ, անհրաժեշտ է, իբրեւ անհատ թէ ազգ, մեր հաւատքը ամրացնել, մեր յոյսը ամրապնդել, մեր կամքը զօրացնել եւ դուրս գալ մեր ներուժը ջլատող ու մեզ դէպի նահանջ առաջնորդող ներկայ անորոշ վիճակէն: Հայաստանի ու Արցախի մէջ անհրաժեշտ է հեռու մնալ ներքին բեւեռացումները ծաւալող ու անկայունութիւնը խորացնող քայլերէ, եւ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով շաղախուած նոր էջ մը բանալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Ա՛յս է ներկայ պահի հրամայականը:

Արդարեւ, ինչ որ պատահեցաւ Արցախի մէջ կարելի չէ մոռացութեան փոշիին տակ ծածկուած պահել ու մեր կեանքի բնական ընթացքը շարունակել: Մեր ժողովուրդը հաշուետուութիւն կը պահանջէ: Հայրենիքին տէրը անձերէն ու իշխանութիւններէն առաջ ու վեր` ժողովո՛ւրդն է. անոր ճակատագիրը, ներկան ու ապագան ճշդողը դարձեալ ժողովո՛ւրդն է: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը կը մերժէ ներսէն թէ դուրսէն պարտադրուած որեւէ որոշում կամ համաձայնագիր, որ կը վտանգէ իր գոյութեան ու ինքնութեան հիմերը, իր հայրենիքին անկախութիւնը: Մեր սուրբերու աղօթքով ու նահատակներու արիւնով թրծուած Արցախի ու Հայաստանի հողերը, մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը չեն կրնար քաղաքական սակարկութեան եւ աշխարհաքաղաքական շահերու զոհը դառնալ:

Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդը իր վերանկախացած հայրենիքով, իր վիրաւոր բայց կանգուն Արցախով, իր հզօր սփիւռքով «ո՛չ» կ’ըսէ պարտուողականութեան ու յուսահատութեան: Մենք յաղթանակի ժողովուրդ ենք. մենք Քրիստոսի հաւատքով զօրացած, խաչով յարութիւն կերտած ու կերտող ժողովուրդ ենք:

Հետեւաբար, սուգի քողը թող վերնայ մեր կեանքէն եւ մեր նահատակներու արիւնով շաղախուած յոյսի ու սիրոյ ծիածանը թող կամար կապէ հայ կեանքի երկինքին վրայ: Սուգի թափօրին փոխարէն մենք կոչուած ենք յաղթանակի երթ կազմակերպելու եւ քալելու յառաջ կողք-կողքի, սիրտ-սրտի` հայրենիքը իր գերագոյն արժէքներով ու ձգտումներով դաւանելով ամէն բանէ վեր, մեր ազգին անբեկանելի իրաւունքները նկատելով մեր կեանքին առանցքն ու նպատակը: Հայ ազգը այլ ճանապարհ չունի:

Եկէ՛ք, սիրելի՛ հայորդիներ, աղօթենք միասին, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ բացուող Նոր տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար դառնայ երկնային բարիքներով լեցուն օրհնաբեր տարի մը: Թող Աստուած մեր բանակի նահատակ հերոսներուն երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ, վիրաւորներուն եւ բոլոր հիւանդներունշուտափոյթ ապաքինում, սգաւոր ընտանիքներուն մխիթարութիւն, Հայաստանին ու Արցախինապահովութիւն եւ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն առողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն:

Շնորհաւոր Նոր տարի:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունուար 2021
Անթիլիաս, Լիբանան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+