​Լիբանանը` Ամբողջական Փակումի Ենթակայ - Հայերէն
05 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ահրանք / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

14 Ocak 2021  

​Լիբանանը` Ամբողջական Փակումի Ենթակայ -

​Լիբանանը` Ամբողջական Փակումի Ենթակայ ​Լիբանանը` Ամբողջական Փակումի Ենթակայ

Լիբանանի մէջ այսօր սկսաւ գործադրուիլ երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումը, որուն նպատակն է հակակշռել «Քորոնա» համաճարակի տարածման թափը:

Երէկ երեկոյեան կառավարութիւնը Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի թիւ 26 որոշումին հիման վրայ հրապարակեց կարգ մը միջոցառումներ, որոնց պէտք է դիմել` արտակարգ դրութեան եւ ամբողջական փակումի ընթացքին փոխադրութեան արտօնութիւն ստանալու համար:

Այս միջոցառումները կը վերաբերին անոնց, որոնք կրակմարի դրութենէն չեն բացառուած:

Անոնք, որոնք կը փափաքին փոխադրութեան արտօնագիր ունենալ, կրնան լեցնել հետեւեալ ելեկտրոնային դիմումնագիրը` covid.pcm.gov.lb, վստահ ըլլալ տրուած արտօնութենէն եւ զայն ցոյց տալ ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Իսկ ո՛վ որ կը փափաքի արտակարգ եւ շտապ պայմաններու պատճառով տունէն դուրս ելլել, ապա պէտք է ելեկտրոնային կարճ նամակ մը ուղարկէ 1120 թիւին:

Նամակին մէջ պէտք է նշուի խնդրոյ առարկային անունը, հօր անունն ու մականունը, նահանգը եւ դուրս ելլելու պատճառը:

Թիւ 26 որոշումին շրջագիծին մէջ նշուեցան կարգ մը պատճառներ եւ անոնց համապատասխանող տեւողութիւնը, որոնք են.

– Փուռ` 1 ժամ:
– Դեղարան` 2 ժամ:
– Բժիշկի այցելութիւն` 4 ժամ:
– Հիւանդանոց` 8 ժամ:
– Անասնաբուժի այցելութիւն` 3 ժամ:
– Օրաթերթ կամ թերթ գնելու` 1 ժամ:
– Լումայափոխի կամ դրամ փոխանցելու գրասենեակի այցելութիւն` 2 ժամ:
– Ապրանքատեսակները վաճառատուն հասցնելու` 4 ժամ:
– Ապահովագրութեան գրասենեակի կամ Տամանի այցելութիւն` 4 ժամ:
– Պենզինի կայարան ուղղուելու` 1 ժամ:
– Լիբանանի մէջ օտար դեսպանատուներու պատկանող վիզայի յատուկ գրասենեակներու այցելութիւն` 4 ժամ:
– Կազի ընկերութեան այցելութիւն` 2 ժամ:
– Օդակայան ուղղուելու պարագային, դիմաւորելու համար` 6 ժամ, իսկ ճամբելու համար` 4 ժամ:
– Պանդոկ կամ կահաւորուած բնակարանի այցելութիւն` մէկ ուղղութեամբ (one way):
– Յուղարկաւորութիւն` 8 ժամ:
– Այլ պատճառներու պարագային` ճշդելի:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 4988 պարագաներ, իսկ արձանագրուած է 36 մահուան պարագայ:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն սեփական մարզին արտօնելու, որ «Քորոնա» ժահրի պատուաստներ ներածէ: «Մեզի համար անյստակ է, թէ ինչո՛ւ այս հարցով վարանումի մթնոլորտ մը կը տիրէ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ դրացի երկիրները արդէն իսկ սկսած են պատուաստումի հոլովոյթը», հաստատեց ան:

Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յանձնառու մնալու երկրին ամբողջական փակումին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է դիմել բոլոր միջոցներուն` պաշտպանելու համար իւրաքանչիւր ընտանիքի հարազատները, բժիշկներն ու հիւանդանոցները:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` ուրբաթ, 15 յունուար 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, քննարկելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստներու գործածութիւնը օրինականացնող կրկնակ աճապարանօք օրինագիծը:

Նշենք, որ առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ վերջնականապէս մշակեց «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստը ներածելու եւ օգտագործելու վերաբերող օրինագիծը, որ միայն «Ֆայզըր» ընկերութիւնը չի ներառեր, այլ` բոլոր ընկերութիւնները:

Յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ մարդիկ մինչեւ 2021-ի աւարտ պիտի տառապին «Քորոնա»-ի համաճարակէն:

Նշենք, որ երէկ գիշեր առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, որ վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով, փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած է սովորական բժշկական քննութիւններու եւ վերադարձած Պաապտա:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+