«Մենք Ամէն Ձեւով Պիտի Ողջունենք Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Մտաւորականութեան Միջեւ Ուղիղ Երկխօսութեան Հա - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

17 Ocak 2021  

«Մենք Ամէն Ձեւով Պիտի Ողջունենք Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Մտաւորականութեան Միջեւ Ուղիղ Երկխօսութեան Հա -

«Մենք Ամէն Ձեւով Պիտի Ողջունենք Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Մտաւորականութեան Միջեւ Ուղիղ Երկխօսութեան Հա «Մենք Ամէն Ձեւով Պիտի Ողջունենք Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Մտաւորականութեան Միջեւ Ուղիղ Երկխօսութեան Հաստատումը» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան ամէն ձեւով կ՛ողջունէ մարդասիրական բնոյթի նախաձեռնութիւնները, որոնք կու գան ազրպէյճանցի եւ հայ հասարակական գործիչներու կողմէ: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին ուրբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան:

«Մենք ամէն ձեւով պիտի ողջունենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան միջեւ ուղիղ երկխօսութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն կողմէ միացեալ մարդասիրական քայլերու կատարումը:

«Մեր կարծիքով, նման նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն հաշտեցման, վստահութեան, փոխըմբռնման մթնոլորտի ձեւաւորման, օգուտ կը բերեն թէ՛ ազրպէյճանցի, թէ՛ ալ հայ ժողովուրդներուն, եւ, սկզբունքով, Հարաւային Կովկասի ամբողջ շրջանին, հետեւաբար նաեւ Ռուսիոյ: Ռուսական կողմը, անշուշտ, պիտի աջակցի նման մարդասիրական քայլերու, եթէ Պաքուն եւ Երեւանը ցուցադրեն այդ ուղղութեամբ շարժելու անկեղծ տրամադրուածութիւն», ըսաւ ան:

Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման հարցերով աշխատանքային խումբը պէտք է մինչեւ 1 մարտ ներկայացնէ միջազգային փոխադրումներու կազմակերպման համար փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու վերականգնման եւ կառուցման քայլերու ցանկը:

Ըստ Զախարովայի, կ՛ենթադրուի, որ աշխատանքի առանցքային ոլորտներուն մէջ պիտի ստեղծուին փորձագիտական ենթախումբեր, որոնք պիտի զբաղին բովանդակային հարցերով:

«Կասկած չկայ, որ այդ նախագիծերու իրագործումէն պիտի շահին թէ՛ հայկական, թէ՛ ազրպէյճանական կողմերը, թէ՛ ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանը: Պիտի ապահովուին բոլոր պետութիւններուն շահերը: Մասնաւորաբար, Հայաստանը Ազրպէյճանի տարածքով երկաթուղային մուտքի կարելիութիւն պիտի ունենայ դէպի Ռուսիա եւ Իրան, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը Ազրպէյճանը Հայաստանի տարածքով պիտի կապէ Նախիջեւանի հետ», եզրափակեց Զախարովա:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+