Իսրայէլ եւ Թուրքիա իրենց արտադրածը, որպէս լիբանանեան ապրանքանիշ կը ներկայացնեն - Հայերէն
21 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

21 Ocak 2021  

Իսրայէլ եւ Թուրքիա իրենց արտադրածը, որպէս լիբանանեան ապրանքանիշ կը ներկայացնեն -

Իսրայէլ եւ Թուրքիա իրենց արտադրածը, որպէս լիբանանեան ապրանքանիշ կը ներկայացնեն Իսրայէլ եւ Թուրքիա իրենց արտադրածը, որպէս լիբանանեան ապրանքանիշ կը ներկայացնեն

Իսրայէլ եւ Թուրքիա իրենց արտադրածը, որպէս լիբանանեան ապրանքանիշ կը ներկայացնեն այս մասին գրած է Պէյրութի «Ազդակ» մասնաւորապէս նշելով, որ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Թուրքիա եւ Իսրայէլ արտաքին շուկաներուն մէջ խաբէութիւն կը կատարեն եւ լիբանանեան անուանումներ ու կարգախօսներ կ՛օգտագործեն` իսրայէլեան եւ թրքական սննդեղէնը ներկայացնելով իբրեւ լիբանանեան արտադրութիւն:

Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց այս արարքը` հաստատելով, որ անիկա խաբեբայութիւն է եւ ոտնձգութիւն` Լիբանանի գերիշխանութեան, տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին դէմ:

Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը հաստատեց, որ այս առումով լիբանանեան դիւանագիտական անձնակազմերը դատական հարց պիտի յարուցեն այդ ընկերութիւններուն դէմ, որոնք Լիբանանի մէջ յայտարարուած ամբողջական փակումին առիթը օգտագործելով լիբանանեան արտադրութիւններուն արտաքին շուկաները իւրացնելու փորձեր կը կատարեն:

Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ լիբանանեան եւ արաբական տարբեր տեսակի ուտեսներ թուրքերու եւ իսրայէլացիներու կողմէ կը ներկայացուին, որպէս սեփական «պրէնտ»։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+