Ալիեւ Խօսեցաւ Իր Մերժած Առաջարկին Մասին. «Ազրպէյճանին Պէտք Է Վերադարձուէր 5 Շրջան, Լեռնային Ղարաբաղը - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

17 Şubat 2021  

Ալիեւ Խօսեցաւ Իր Մերժած Առաջարկին Մասին. «Ազրպէյճանին Պէտք Է Վերադարձուէր 5 Շրջան, Լեռնային Ղարաբաղը -

Ալիեւ Խօսեցաւ Իր Մերժած Առաջարկին Մասին. «Ազրպէյճանին Պէտք Է Վերադարձուէր 5 Շրջան, Լեռնային Ղարաբաղը Ալիեւ Խօսեցաւ Իր Մերժած Առաջարկին Մասին. «Ազրպէյճանին Պէտք Է Վերադարձուէր 5 Շրջան, Լեռնային Ղարաբաղը Անկախութիւն Ստանար, Իսկ Քելբաջարն Ու Լաչինը Մնային Հայաստանի Յ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արցախի` Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Քաշաթաղի (Լաչին) շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Արցախի շուրջ 9 նոյեմբերին եռակողմ յայտարարութիւնը դարձած է Հայաստանի կողմէ անձնատուութեան ճանաչում եւ Պաքուին կարելիութիւն ընձեռած է վերադարձնել Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի (Քելբաջար) շրջանները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Բանակցութիւններուն ժամանակ անոնք երբեք չեն ուզած մեզի վերադարձնել Լաչինի եւ Քելբաջարի շրջանները: Ատիկա բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութեան բացակայութեան հիմնական պատճառն էր: Ցաւօք, Հայաստանն ու անոր շարք մը արտասահմանեան հովանաւորները կը ձգտէին անոր, որ Ազրպէյճանին վերադարձուի 5 շրջան, Ազրպէյճանը բաւարարուէր ատով, Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ մէկ ժամանակ անկախութիւն ստանար, իսկ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները մնային Հայաստանի յաւերժական վերահսկողութեան տակ», յայտարարած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ այդ առաջարկը մերժած է:

«Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Երկաթուղային Հաղորդակցութիւնը
Կարելի Է Միայն Ազրպէյճանի Տարածքով» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Ռուսիայէն Հայաստան Ազրպէյճանի տարածքով երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման կարելիութեան մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին խօսած է Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներ այցելութեան ընթացքին:

Ալիեւ նշած է, որ երկաթուղային հաղորդակցութիւն պիտի հաստատուի նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ` Նախիջեւանի տարածքով:

«Մենք առաջարկած ենք, որ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային նախագիծերը պէտք է յատուկ դեր ունենան մեր շրջանի զարգացման երկարատեւ հեռանկարին մէջ` ապահովելով կայունութիւն եւ զերոյի հասցնելով պատերազմի վտանգը: Մասնակից բոլոր երկիրներ ատկէ միայն պիտի շահին: Ազրպէյճանն ալ պիտի միանայ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան ու Թուրքիոյ», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը կրնայ կատարուիլ «միայն Ազրպէյճանի տարածքով»:

Նշենք, որ Աբխազիոյ խորհրդարանը վերջերս դիմած էր Ռուսիոյ Պետական տումային` պատրաստակամութիւն յայտնելով հաւասարազօր պայմաններով մասնակցելու Աբխազիոյ ընդմէջէն Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման նախագիծին:

«Երկաթուղային հաղորդակցութիւն պիտի ըլլայ, նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ` Նախիջեւանի տարածքով, Իրանի եւ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Այսինքն, շրջանի բոլոր երկիրները ատկէ միայն պիտի շահին», ըսած է Ալիեւ:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+