​ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Է, Պէտք Է Ապագայի - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

17 Mart 2021  

​ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Է, Պէտք Է Ապագայի -

​ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Է, Պէտք Է Ապագայի ​ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Է, Պէտք Է Ապագային Նայինք» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անն Լինտէի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը անցեալին մէջ մնացած է եւ պէտք է դէպի առջեւ նայիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Այժմ տագնապը անցեալին մէջ է, եւ մենք պէտք է ապագային նայինք: Այսօր մենք ձեզի հետ քննարկեցինք մեր տեսակէտները ապագան կառուցելու մասին: Կը կարծեմ, որ պատերազմէն ետք վերջին 4 ամիսները ցոյց կու տան երկու կողմի ձգտումը փակելու էջն ու կեդրոնանալու ապագային վրայ», ըսած է Ալիեւ:

Ան նաեւ նշած է, որ Պաքուն ու Երեւանը արդէն բանակցային հոլովոյթի սկսած են փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցով:

«Ատիկա 9 նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան մաս կը կազմէ: Արդէն շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են տարբեր մակարդակներու վրայ: Ատիկա կրնայ շրջադարձային կէտ դառնալ պատերազմի էջը ամբողջովին փակելու եւ զայն պատմութեան ձգելու համար: Հաղորդակցութիւններու բացումը շահաւէտ պիտի ըլլայ շրջանի բոլոր երկիրներուն համար, նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ», ըսած է ան:

Պաքուի մէջ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անն Լինտէի հանդիպումը նախ տեղի ունեցած է առանձնազրոյցի ձեւաչափով, ապա հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լինտէ իր կարգին յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ-ը «պիտի նայի, եթէ կայ որեւէ բան, որ կրնանք ընել նպաստելու ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ տագնապի լուծման», եւ շեշտած է, թէ այս առումով միջազգային օրէնքը, մարդկային իրաւունքները, մարդասիրական օրէնքը, խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ԵԱՀԿ-ի համար գլխաւոր առաջնահերթութիւններ են:

Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի ներգրաւուածութիւնը տագնապի լուծման գործին մէջ:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ կառուցողական քննարկումներ կատարուած են ԵԱՀԿ-ի հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ շրջանային հոլովոյթներու շուրջ:

«Ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու կարեւոր դերը` չլուծուած խնդիրներու լուծման գործին մէջ», գրած է Լինտէ:

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Լինտէն Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Քննարկուած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը, ղարաբաղեան խնդիրը, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան գործադրումը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութիւնը:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Ազրպէյճանը բոլոր պատերազմական գերիները վերադարձուցած է Հայաստանին: Ազրպէյճանի տարածքին 26 նոյեմբեր 2020-ին ձերբակալուած անձերը պատերազմական գերիներ չեն: Այս անձերը կատարած են ահաբեկչական գործողութիւններ, եւ Ազրպէյճանի մէջ կը շարունակուի անոնց նկատմամբ հետաքննութիւնը», ըսած է Պայրամով:

Ան նշած է, թէ հայ զինուորները քաղաքացիական փոխադրամիջոցներով մուտք գործած են Ազրպէյճանի տարածք: Ըստ անոր, այդ առնչութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններուն զեկուցումներ ներկայացուած են: «Մենք միջազգային կազմակերպութիւններուն անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը տրամադրած ենք: Բոլոր միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրեն այս առումով: Խաղաղութեան վերականգնման համար կողմերը պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները», նշած է Պայրամով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ իր երկիրը համաձայն է ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին, Ազրպէյճանը սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքին հիման վրայ համագործակցութեան ձեւաւորման կողմնակից է: «Ասիկա շրջանին մէջ համակեցութեան եւ խաղաղութեան կարելիութիւններ կը ստեղծէ: ԵԱՀԿ-ի հետ այս ուղղութեամբ գործակցութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ», ըսած է ան:

Նշենք, որ կը նախատեսուէր, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը երէկ երեկոյեան հասնէր Հայաստան` քննարկելու համար ղարաբաղեան խնդիրն ու պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութիւնը:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+