​Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն տպագրութեան 350 ամեակի օրերուն սկսած էր հատորի մը պատրաստութիւնը, որ - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

09 Haziran 2021  

​Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն տպագրութեան 350 ամեակի օրերուն սկսած էր հատորի մը պատրաստութիւնը, որ -

​Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն տպագրութեան 350 ամեակի օրերուն սկսած էր հատորի մը պատրաստութիւնը, որ ​Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն տպագրութեան 350 ամեակի օրերուն սկսած էր հատորի մը պատրաստութիւնը, որ տպագրուեցաւ թագաժահրի (Coronavirus) համավարակի շրջանին։

Պատրիարքական Աթոռոյս այս նոր ու հսկայ հատորը լոյս տեսաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ ձօնուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350 ամեակի յոբելեանին։

Գեղատիպ ու մեծածաւալ հատորը պատրաստուած է Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կողմէ, հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն։

Հատորի իւրայատուկ նկարներէն է Երուանդ Քոչարի նկարած Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի մեծադիր դիմանկարը, ապա կան Ոսկան Վրդ.ի գործածած տառերու կաղապարներէն նմոյշներ։ Ոսկան Վրդ. Երեւանցի հակիրճ կենսագրականէն ետք, տեղադրուած է Հեղինակ Հայր Սուրբին ուսումնասիրութիւնը "Նկարներով յիշել Ոսկան Եպիսկոպոսն ու նշել Աստուածաշունչի տպագրութեան 350 ամեակը" խորագիրով։

Հատորին բուն մասը կը կազմեն Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի տպագրած Աստուածաշունչի սրբանկարներով էջերը, ուր իւրաքանչիւր նկարին քովն ի վեր տեղադրուած է նկարի մասին Աստուածաշնչական նախադասութիւն մը, գրաբար ու աշխարհաբար հայերէնով, թրքերէնով ու անգլերէնով։ Աւելի քան հարիւր յիսուն նկարներ այսպէս կը տողանցեն՝ մաքուր տպագրութեամբ։

Նկարազարդ էջերէն առաջ եւ յետոյ տեղադրուած են նաեւ Աստուածաշունչ Մատեանի տպագրութեան առթիւ Ոսկան Վրդ. Երեւանցիի Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի ուղղեալ ուղերձը, ընթերցողներու ուղղեալ խօսքը եւ "Յիշատակարան"ը։

Հատորը կ’աւարտի Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ հրատարակուած յիշատակի մասնաւոր դրոշմաթուղթը։

Հատորի բոլոր գրութիւնները տրուած են եռալեզու։

Գեղատիպ հատորը, որ կը բաղկանայ 26*28 սմ. չափերով 222 մեծադիր էջերէ, "Տպագրութեան Մարգարիտ" կոչուած Ոսկանեան Աստուածաշունչի նկարներու ի մի հաւաքելով վերհրատարակութիւն մը ըլլալէ շատ աւելի է իր բազմալեզու բնոյթով ու բովանդակութեամբ։

Պատրիարքական Աթոռի սոյն եզակի հրատարակութիւնը կատարուած է Սուրբ Գրոց Ընկերութեան մեկենասութեամբ, իսկ ոսկեդրուագ գեղեցիկ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի եւ Արիս Քարաֆիլի կողմէ։ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը եւ Արուսեակ Սաֆա-Ճէմիլապատի թարգմանեցին եւ խմբագրեցին հատորի անգլերէն մասը։ Հատորը ունի նաեւ լուռ աշխատակիցներ, ինչպէս Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Բրկ. Սարվէն Դպ. Տանէն եւ ուրիշներ։

Այս շաբաթավերջ, օրհնութեամբ ու նախագահութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր պիտի կազմակերպուի շնորհանդէս մը, որմէ ետք փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։








Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+