Ոչ Եւս Է Ճիվան Գասպարեան - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

07 Temmuz 2021  

Ոչ Եւս Է Ճիվան Գասպարեան -

Ոչ Եւս Է Ճիվան Գասպարեան Ոչ Եւս Է Ճիվան Գասպարեան

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ գիշեր իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան։ Սա հայ ժողովուրդին տեսակէտէ մեծ ցնցում մըն է, անփոխարինելի կորուստ մը, որովհետեւ Ճիվան Գասպարեան վերջին տասնամեակներուն անոր ծոցէն ծնունդ առած գլխաւոր մեծութիւններէն մին հանդիսացած էր։ Տուտուկահար ու երգահան, ժողովրդական արուեստագէտ Ճիվան Գասպարեան յառաջացած տարիքի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։ Իր անուանակից թոռնիկը բօթը ընկերային ցանցերու միջոցաւ գրառումով մը տեղեկացուց. «Այս գիշեր աշխարհ ունեցաւ աներեւակայելի կորուստ մը։ Թող ան հանգչի խաղաղութեամբ։ Շատ մեծ ցաւով կը գրեմ իմ մեծ կորուստի մասին։ Աստուած հոգին լուսաւոր երկինքի մէջ պահէ»։

Ճիվան Գասպարեան մեր ժամանակներու մեծագոյն երաժիշտներէն մին էր։ Ան մէկ կողմէ արուեստի համամարդկային գագաթները նուաճած էր, իսկ միւս կողմէ այդ ճանապարհին վրայ միշտ արծարծուած, վառ արտայայտուած եւ ընդգծուած պահած էր հայկականը։ Իր յաջողութիւնները միայն երաժշտութեան բնագաւառով չէին սահմանափակուած, որովհետեւ իր յօրինումները շարժանկարի աշխարհէն ներս ալ մեծ ընդունելութեան կ՚արժանանային, դափնիներու եւ պարգեւներու տիրացած գործերու անբաժանելի մասը կը համարուէին։

Մինչեւ մօտաւոր անցեալին Ճիվան Գասպարեան զանազան առիթներով այցելած էր նաեւ Իսթանպուլ, ուր հանդէս եկած էր անմոռանալի համերգներով, նաեւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն մէջ։

Ծիրանափողի անկրկնելի վարպետը երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ կ՚առնէ իր ետին թողլով վիթխարի ժառանգութիւն մը եւ յիշատակ մը, որ դարերու հոլովոյթին մէջ կը մնայ կենդանի։




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+