Սէյիտ Նասրալլա. «Քանի Մը Ժամէն Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Առաջին Նաւը Պիտի Նաւարկէ Դէպի Լիբանան - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

22 Ağustos 2021  

Սէյիտ Նասրալլա. «Քանի Մը Ժամէն Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Առաջին Նաւը Պիտի Նաւարկէ Դէպի Լիբանան -

Սէյիտ Նասրալլա. «Քանի Մը Ժամէն Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Առաջին Նաւը Պիտի Նաւարկէ Դէպի Լիբանան Սէյիտ Նասրալլա. «Քանի Մը Ժամէն Վառելանիւթով Բեռցուած Իրանեան Առաջին Նաւը Պիտի Նաւարկէ Դէպի Լիբանան

Աշուրայի տօնին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ յայտարարեց, թէ Իրանէն Լիբանան ուղղուելիք առաջին նաւը արդէն իսկ բեռցուած է պէտք եղած վառելանիւթով եւ քանի մը ժամէն պիտի նաւարկէ:

Ան յոյս յայտնեց, որ այդ նաւուն կը հետեւին նաեւ այլ նաւեր:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք առաջնահերթ նկատած են Լիբանան հասցնել մազութը` աւելցնելով, որ իրենք քաջ գիտեն, թէ կը գտնուին հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց: «Այս իմաստով ամերիկացիներուն եւ իսրայէլացիներուն կը հաստատենք, որ Լիբանանին մազութ բերող իրանեան նաւը նաւարկած պահէն սկսեալ լիբանանեան հող կը նկատուի: Մենք ոչ ոքի հետ մարտահրաւէրներու դիմաց կ՛ուզենք գտնուիլ: Եթէ արտօնէիք, որ լիբանանցիները իրենց բնականոն կեանքը ապրին, ապա մենք նման ընտրանքի դիմելու ստիպողութեան տակ չէինք մտներ: Մենք կը փափաքինք օժանդակել մեր ժողովուրդին եւ ոչ ոքի հետ կը փափաքինք հարց ունենալ, բայց եւ այնպէս կ՛ընդգծենք, որ կը մերժենք մեր ժողովուրդին նուաստացումը», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան շեշտեց, որ Աուքարի ամերիկեան դեսպանատունը Լիբանանի դէմ մղուած տնտեսական պատերազմին բոյնն է:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան` վաւերացնելու հատուցման քարտը, որ կրնայ ժողովուրդին տնտեսական բեռը թեթեւցնել:

Անդրադառնալով երկրին ինչքերը չարաշահողներուն` սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն ձերբակալելու բոլոր անոնք, որոնք կը նուաստացնեն լիբանանցիները` աւելցնելով, որ իսկութեան մէջ վառելանիւթի տագնապ գոյութիւն չունի, այլ այդ տագնապը շինծու է:

Կառավարութեան կազմութեան մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ մեծ պետութիւններ կ՛արգելակեն Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ հանդիպումին, որովհետեւ անիկա է դէպի լուծում առաջնորդող մուտքը:

Շրջանային առումով սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ամերիկեան ուժերուն հեռանալու սուրիական Թանաֆ քաղաքէն` հաստատելով, որ ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ այդ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վերարտադրումով կը զբաղին:

Ամերիկացի Դեսպանը Նախագահ Աունին Կ՛առաջարկէ
Սուրիոյ Միջոցով Յորդանանեան Ելեկտրական ՀոսանքԱպահովել

Սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութենէն քիչ անց, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որուն յայտնեց, թէ ամերիկեան վարչակազմէն ստացած է որոշում մը, որուն հիման վրայ Լիբանանին օժանդակութիւն պիտի մատուցուի` Սուրիոյ միջոցով յորդանանեան ելեկտրական հոսանք մատակարարելով: «Այս նպատակով Յորդանանին եգիպտական կազ պիտի տրամադրուի, որպէսզի ան կարենայ ելեկտրական յաւելեալ հոսանք արտադրել, եւ Յորդանանը Սուրիոյ ընդմէջէն Լիբանանին կապող ելեկտրական ցանցով երկրին ելեկտրական հոսանք տրամադրել», ըսաւ Շիա` աւելցնելով, որ կարելի պիտի ըլլայ դիւրացնել նաեւ եգիպտական կազը Յորդանանէն եւ Սուրիայէն հիւսիսային Լիբանան հասցնելը, որպէսզի կարելի ըլլայ Տէյր Աամարի ելեկտրական ընկերութեան մէջ հոսանք արտադրել:

Շիա նկատել տուաւ, որ ամերիկեան վարչակազմը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եւ Միջազգային դրամատան հետ կը բանակցի` եգիպտական կազի գնումը ֆինանսաւորելու եւ ելեկտրական հոսանք մատակարարող ելեկտրական աշտարակներուն նորոգութիւնը ապահովելու իմաստով:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի դեսպանին` անոր թափած ճիգերուն համար: Ան շեշտեց, որ այդ քայլը տնտեսական եւ ապրուստի ծանր պայմաններ ապրող բոլոր լիբանանցիներուն օգտին է:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+