​Խմբագրական. Կարս 2-ի Պարտադրանքի Նախադրեալները Եւ Հայկական Դիրքորոշման Անհրաժեշտութիւնը - Հայերէն
02 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Հրանդ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

16 Ekim 2021  

​Խմբագրական. Կարս 2-ի Պարտադրանքի Նախադրեալները Եւ Հայկական Դիրքորոշման Անհրաժեշտութիւնը -

​Խմբագրական. Կարս 2-ի Պարտադրանքի Նախադրեալները Եւ Հայկական Դիրքորոշման Անհրաժեշտութիւնը ​Խմբագրական. Կարս 2-ի Պարտադրանքի Նախադրեալները Եւ Հայկական Դիրքորոշման Անհրաժեշտութիւնը

Կարսի պայմանագրի 100-ամեակի սեմին ենք արդէն: Հայ քաղաքական միտքը պայմանագիրին պատմաիրաւական հիմքերը, բովանդակութիւնն ու այդ բոլորին այժմէականացումը կը կատարէ անպայման:

Պարզ է, որ պայմանագիրը պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ կայացած համաձայնութեան կարեւորագոյն դրսեւորումն է` Հարաւային Կովկասի վրայ տարածուող: Համաձայնութիւնն ու աշխարհագրական տարածքի իրողութիւնը կը հաստատեն արդէն խնդիրին այժմէականութիւնը` պայմանաւորուածութիւններով նոր իրավիճակներ ստեղծելու:

Կարսի դաշնագիրին քննարկումը շղթայի մը կարեւորագոյն օղակի կարգավիճակի իրականութիւնը կը յուշէ: Անվաւեր հռչակուելու բոլոր իրաւադրոյթները կ՛ամփոփեն թէ՛ Ալեքսանդրապոլի, թէ՛ Կարսի եւ թէ՛ զայն նախորդած Մոսկուայի դաշնագիրները: Երեքն ալ կը վերաբերին տարածքային հարցերու, սահմանազատման եւ սահմանագծման, երեքն ալ արդիւնք են` ռուս-թրքական համաձայնութիւններու:

Եթէ Ալեքսանդրապոլը հայկական կողմէն ստորագրած է իշխանութիւնը արդէն յանձնած ղեկավարութիւնը, որ բնականաբար իրաւասութիւն չունէր սահմաններու առնչութեամբ պայմանագիր ստորագրելու, ապա Մոսկուան ստորագրած է քաղաքական միաւոր մը, որ այսօր գոյութիւն չունի: Որքան ալ նկատի առնուի, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը Խորհրդային Միութեան իրաւաժառանգորդն է, ապա այս պարագային անվաւերականութիւնը կը հիմնուի միութեան մը երբեմնի տարածքին տարանջատուածութեան վրայ: Այսինքն սահմաններու փոփոխուած ըլլալու իրականութեան վրայ:

Կարսը, որ Մոսկուայի հետեւողականութիւնը կ՛ենթադրէ, ուրեմն իբրեւ հիմ չունի վաւերականութիւն: Չունի իրաւականութիւն նաեւ ուժի եւ սպառնալիքի կիրարկման տեսակէտէն. կամ` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վաւերացուած չըլլալու իրողութեամբ:

Կան բազմաթիւ փաստեր, որ թրքական կողմը չէ յարգած իր ստորագրած համաձայնագիրին կէտերը. այս պարագային սակայն այդ բոլորը երկրորդական են:

Խնդիրը պայմանագիրը անօրինական նկատելու հրամայականին վրայ կը կեդրոնանայ: Իսկ եզրաբանութիւնը կարեւոր է այս պարագային: «Չեղարկել»-ը հարցի էութեան համապատասխան բառեզր չէ: Հաւանաբար նոյնիսկ «առ ոչինչ» յայտարարելը իրաւական առումով այս պարագային թիրախային չէ: Պարզ այն պատճառով, որ չեղարկելը կամ առ ոչինչ յայտարարելը օրինականօրէն կայացած համաձայնութեան մը կրնան վերաբերիլ. մինչդեռ ի սկզբանէ զայն անվաւեր կամ անօրինական նկատելը աւելի կը նպաստէ հայկական կողմի մօտեցումին:

Ուշագրաւ է, որ Անգարան թէ՛ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ընթացքին, թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարբեր առիթներով իր յայտարարած նախապայմանային քաղաքականութեան մէջ յղում չի կատարեր Կարսի պայմանագիրին: Բոլոր առիթներուն սակայն ըստ էութեան Կարսի պայմանագիրի վերահաստատումն է կամ վերահամաձայնութիւնն է, որ կը պահանջէ, երբ կը խօսի տարածքային ամբողջականութիւններու երկկողմ պայմանաւորուածութեան նախապայմանին մասին:

Իրաւականօրէն կայ ուրեմն խոցելի բաժին. եթէ Կարսը իրաւականօրէն ուժի մէջ ըլլար, այդ պարագային ինչո՞ւ նման նախապայման պիտի արծարծէր Անգարան` նոր պայմանագիրով տարածքներն ու սահմանները փոխճանաչելու:

Օրին կար աճապարանք Մոսկուան Կարսով վերահաստատելու եւ երկկողմ պայմանաւորուածութեան վերածելու թէկուզ` 3+2 ձեւաչափով (Հարաւային Կովկասի Հանրապետութիւններ+Մոսկուա+Անգարա): Հիմա կայ աճապարանք նոյեմբերի 9-ի ստորագրութենէն ետք մէկ կողմէ սահմանազատման-սահմանագծման գործընթաց սկսելու, միւս կողմէ` տարածքային ամբողջականութիւններ փոխճանաչելու:

Կարս 2 պարտադրելու տարածաշրջանային օրակարգը վերաթարմացած է: 3+2 ձեւաչափը վերածուած է 3+3-ի, իսկ Լենինն ու Աթաթիւրքը` Փութինի եւ Էրտողանի:

Հայկական կողմը կանգնած է բանակցային նոր ռազմավարութեան որդեգրման հրամայականին առջեւ:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+