Ամփոփ Լուսաբանութիւն - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

21 Ekim 2021  

Ամփոփ Լուսաբանութիւն -

Ամփոփ Լուսաբանութիւն Ամփոփ Լուսաբանութիւն

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան աղբիւրները երէկ ամփոփ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններուն շուրջ։ Անցեալ շաբաթավերջին խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան հանդիպում մը ունեցած էր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ։ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի յառաջատար դէմքերէն Իսհակ Իպրահիմզատեհի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին նախարարին հետ հերթական անգամ քննարկուած էին առկախեալ ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրները։ Ըստ երեւոյթին, խնամակալութեան աղբիւրներուն կողմէ երէկ հրապարակուած հակիրճ բացատրութիւնը համայնքային շրջանակներուն ներկայացուած է՝ շաբաթավերջի այդ տեսակցութեան լոյսին տակ։

Այս ամփոփ լուսաբանութեան մէջ յիշեցուած է, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը, Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը, Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնն ու Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնը աշխատանք կը տանին՝ ապահովելու համար տարիներէ ի վեր առկախուած համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւնը։ Նոյնպէս յիշեցուած է, որ անցեալ օգոստոսին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դիմում կատարուած էր ընտրութեան թոյլտուութիւն ապահովելու համար։ Ի պատասխան անցեալ սեպտեմբերին հասած էր պաշտօնական գրութիւն մը, որով նշուած էր, որ ընտրական կանոնադրութեան պատրաստութիւնը կը շարունակուի եւ անհրաժեշտութեան կամ ցանկութեան պարագային վարչական կազմերը կրնան համալրուիլ նշանակովի անդամներով։ Երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կրկնուած է, որ սա հակաժողովրդավարական է, ներհակ է երկրի օրէնսդրութեան եւ բացայայտօրէն անյարիր՝ մեր աւանդութիւններուն։ Հետեւաբար, այդ առաջարկը չէ ընդունուած։ Յիշեալ չորս խնամակալութիւնները այժմ իրենց աշխատանքները կը շարունակեն թէ՛ իրաւական ճանապարհով եւ թէ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Համապատասխան որոշում ընդունած ըլլալու զուգահեռ՝ այդ կէտէն սկսեալ յիշեալ վաքըֆներէն ոմանք յարմար դատած են բանակցութիւններու ճանապարհով ընթանալ, իսկ ոմանք ալ իրաւական ճանապարհը նախընտրած են։ Այս բոլորէն վերջ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ ալ եղած է տեսակցութիւն մը, որու ընթացքին ան յայտնած է, որ նիւթը ծանօթ է իրեն։ Նախարարը նշած է, որ անհրաժեշտ աշխատանքները պիտի աւարտին, որպէսզի մօտաւոր ապագային ընտրութիւնները տեղի ունենան։

Հաղորդագրութեան մէջ թէեւ չէ յստակեցուած, որ նախարարի հետ տեսակցութիւնը Թորոս Ալճանի կողմէ իրականացուած է, սակայն, արդէն ընդհանուր օրակարգէն կարելի է հետեւցնել, որ խօսքը կը վերաբերի շաբաթավերջի այդ տեսակցութեան։

Համայնքային հինգ հաստատութիւններու համակարգին մէջ նախորդ ամիսներուն լուծում մը որոնուած էր ընտրութեան խնդրին։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը նախընտրած էր անմասն մնալ այդ նախաձեռնութենէն։ Ուստի, յիշեալ չորս խնամակալութիւնները համախոհութեամբ շարունակած էին իրենց աշխատանքը։ Անոնք ընտրութեան թոյլտուութիւն ստանալու համար Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դիմած էին՝ նոյնիսկ յստակ թուական մը առաջարկելով։ Պատկան մարմինները ընթացք չէին տուած այդ պահանջին։ Համայնքային կարգ մը շրջանակներ այդ ժամանակ մտահոգութիւն յայտնած էին, թէ սպասման շրջանին առնուած այս քայլերը պատճառ կրնան դառնալ անհնազանդութեան տպաւորութեան։ Այլ վաքըֆներու ղեկավարութիւններ ալ կ՚անհանգստանան, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ յանուն պաշտօնական մարմիններու հետ ներդաշնակութեան սպասել կը նախընտրեն շարք մը վարչական խորհուրդներ։ Այսպիսի քայլերը մէկ կողմէ պատկան մարմիններու անհրաժեշտ հաւանութեան չեն արժանանար, իսկ միւս կողմէ մեր համայնքէն ներս տպաւորութիւն կը ստեղծեն, որ այդպիսի նախաձեռնութիւններէ անմասն մնացած վարչական խորհուրդները կողմնակից չեն ընտրութեան։ Տեսակաւոր այս մեկնաբանութիւններու համայնապատկերին վրայ կ՚ընկալուի շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սոյլու-Ալճան-Իպրահիմզատեհ տեսակցութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, այս հանդիպումը այդ մեկնաբանութիւններն ու դատողութիւններն ալ նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան աղբիւրներուն կողմէ երէկ կատարուած հակիրճ յայտարարութիւնը նաեւ առաջին արձագանգը կը նկատուի՝ ընտրութեան թոյլտուութեան համար դիմում կատարած չորս խնամակալութեան ստացած մերժումին։ Հաղորդումներուն մէջ յստակեցուած չէ, թէ այդ չորս խնամակալութիւններէն որո՞նք որոշած են բանակցութիւններու ճանապարհով ընթանալ եւ որո՞նք իրաւական ճանապարհը նախընտրած են







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+