​Երանելիներու շարքին դասուեցան Սպանիայի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին սպաննուած երեք մարտիրոսնե - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

07 Kasım 2021  

​Երանելիներու շարքին դասուեցան Սպանիայի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին սպաննուած երեք մարտիրոսնե -

​Երանելիներու շարքին դասուեցան Սպանիայի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին սպաննուած երեք մարտիրոսնե ​Երանելիներու շարքին դասուեցան Սպանիայի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին սպաննուած երեք մարտիրոսները

Անոնց պատմութիւնը նման է այլ մարտիրոսներու պատմութեան, պատմութիւն որ այնքան որ դարերու ընթացքին կրկնուի կը մնայ միշտ եզակի, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ առջեւ եզակի եւ անկրկնելի է

Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարօ, Սպանիայի Մանրեզա քաղաքին մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին Երանելի հռչակեց Պենէթ Տա Սանթա Քոլոմա Տէ Կրամենէթը ու անոր երկու ընկերները «որոնք մահուան դատապարտուեցան առանց որեւէ դատավարութեան, պարզապէս քրիստոնեայ ըլլալուն համար» ըսաւ այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը։

Սպանական Եկեղեցւոյ համար 6 նոյեմբերը յիշարժան օր է, որովհետեւ այդ օր կը յիշատակուին Երկրին մէջ Ի դարու ընթացքին կրօնական հալածանքներուն թիրախ ու զոհ 2053 մարտիրոսները, եւ այսօր վեց նոյեմբերին Երանելիներու շարքին դասուեցան այդ հալածանքներուն ընթացքին մարտիրոսացած կրցեր Քափուչիններու միաբանութեան անդամ երեք կրօնաւորներ, Benet da Santa Coloma De Gramenet, Josep Oriol da Barcellona եւ Domènec da Sant Pere de Ruidebitllets։

«Անոնց պատմութիւնը նման է այլ մարտիրոսներու պատմութեան, պատմութիւն որ այնքան որ դարերու ընթացքին կրկնուի կը մնայ միշտ եզակի, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ առջեւ եզակի եւ անկրկնելի է» ըսաւ ի մէջ այլոց քարոզին մէջ Կարդինալ Սեմերարօն աւելցնելով որ «իւրաքանչիւր մարտիրոսի դէմքին մէջ մենք կը գտնենք բնօրինակ բացուածք, որտեղէն կարող ենք մանրամասն ուսումնասիրել Քրիստոսի դէմքին առանձնայատկութիւնը, որ իրականին մէջ միշտ Ինքն է` որ իւրաքանչիւրին կու տայ հաստատակամութեան ամրութիւն և յաղթանակ պայքարին մէջ»:





Bu haber vaticannewws kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannewws) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannewws). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+