​Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Տարակարծութիւնները Շրջանցեցինք» Կ՛ըսէ Էրտ - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

22 Mayıs 2022  

​Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Տարակարծութիւնները Շրջանցեցինք» Կ՛ըսէ Էրտ -

​Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Տարակարծութիւնները Շրջանցեցինք» Կ՛ըսէ Էրտ ​Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հետ Տարակարծութիւնները Շրջանցեցինք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ բազմաթիւ հասարակաց կէտեր ունի, եւ անոնց հետ «տարակարծութիւնները շրջանցեցինք»:

Ըստ անոր, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ տարակարծութիւնները «մէկ ընտանիքի մէջ տարակարծութիւններ են, եւ անոնք շրջանցուեցան»:

«Ռիատի եւ Ապու Տապիի հետ տարակարծութիւնները շրջանցեցինք եւ առեւտուրի, ճարտարարուեստի, պաշտպանական ճարտարարուեստի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները արագօրէն զարգացնելու ծրագիրներ հաստատեցինք, եւ ատոր համար քայլեր կ՛որդեգրենք», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահը:

Ան ակնարկեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Խալիֆա պըն Զայետ Ալ Նահիանի մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնելու համար վերջերս Ապու Տապի կատարած իր այցելութեան եւ ըսաւ. «Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները եւս դէպի աւելի դրական ուղղութեամբ կ՛ընթանան»` վստահութիւն յայտնելով, որ նշեալ երկու երկիրներուն նկատմամբ Թուրքիոյ քայլերը շատ կարեւոր նպաստ պիտի բերեն, ըլլայ այդ առեւտրական, թէ քաղաքական ոլորտներուն մէջ:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+