Անխուսափելի Ճամբաբաժան - Հայերէն
08 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Միհր / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

08 Haziran 2022  

Անխուսափելի Ճամբաբաժան -

Անխուսափելի Ճամբաբաժան Անխուսափելի Ճամբաբաժան

Երէկ երեկոյեան Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) կարեւոր ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Զանազան առումներով բացառիկ նիստ մըն էր այս մէկը։ Նախ՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան իր բարձր մասնակցութիւնը բերաւ այս լայնախարիսխ խորհրդակցութեան, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Յետոյ, այս անգամ բոլորովին նոր միջավայրի մը մէջ գումարուեցաւ ժողովը, որովհետեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս վերջին վերանորոգութիւններով ձեւաւորուած «Կոմիտաս» նոր դահլիճը դռները բացած էր նիստին համար։ Ի վերջոյ, այս ժողովի օրակարգն ալ բացառիկ էր, որովհետեւ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցի երկարաշունչ սպասման մթնոլորտին մէջ, պետական պատկան մարմիններուն կողմէ պատրաստուած նոր ընտրական կանոնադրութեան նախագիծը արժեւորման առարկայ դարձաւ համայնքային վարիչներուն կողմէ։ Վերջին շրջանին պատկան իշխանութիւններէն ազդանշաններ հասած էին, թէ մինչեւ տարեվերջ կարելի կրնայ ըլլալ ընտրութեան ձեռնարկել՝ նոր կանոնադրութիւնով մը։ Հասկնալի է, որ այդ սպասումներու արդարացման համար արդէն որոշ ժամանակ առաջ կանոնադրութիւնը պէտք է ըլլայ պատրաստ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մօտաւոր անցեալին Անգարայի մէջ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ տեսակցելէ վերջ յոյս յայտնած էր, թէ նոր կանոնադրութեան վերջնական հրապարակումէն առաջ հնարաւորութիւն կ՚ունենան բովանդակութեան ծանօթանալու։ Այժմ, ըստ երեւոյթին, այդպէս ալ եղած է։ Մշակուած կանոնադրութեան նախագիծը պատկան մարմիններուն կողմէ տրամադրուած է ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական վարիչներուն։ Մեր համայնքէն, ըստ էութեան, նախագիծը յանձնուած է ERVAB-ի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկուան դռնփակ ժողովի ընթացքին ԹՎՄ հետեւած է նախագծին վերաբերեալ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն։ Զանազան համայնքային վարիչներ իրենց ունեցած լսումները կամ տուեալներն ալ դրած են սեղանի վրայ եւ Նորին Ամենապատուութեան ներկայութեամբ կատարուած է ծաւալուն գնահատական մը։ Ժողովի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ունեցած է ելոյթ մը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ խորհրդածութիւններ ըրած է պետութեան կողմէ մշակուած նախագծին շուրջ։

Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, մեր համայնքի պարագային յառաջիկային շրջանային դրութիւն մը կը նախատեսուի ընտրութիւններու՝ համայնքային մարմիններու վարչութեանց վերանորոգութեան համար։ Գաւառի մեր եկեղեցիներու պարագային ի զօրու կը մնայ Իսթանպուլի ընդհանուրին մէջ ընտրութիւն կազմակերպելու հեռանկարը։

Այժմ նախատեսուած նախագիծը թրքահայ համայնքի պարագային «տանիք կառոյց» կը համարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը։ Միայն հիւանդանոցի պարագային Իսթանպուլի ընդհանուրէն ներս քուէարկութիւնով ղեկավարութիւն ձեւաւորելու հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ։ Սա, անշուշտ, համայնքային հինգ հաստատութիւններու աւանդական դրութեան տեւականացումը գործնականօրէն անկարելի պիտի դարձնէ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ համայնքային վարիչները քննարկած են նոր մշակուած նախագծով ապահովուած առաւելութիւնները եւ նորութիւններէն բխելիք հաւանական տարբերութիւնները կամ որոշ վարչական աւանդութիւններու փոփոխութիւնը։ Հասկնալիօրէն, բացի հիւանդանոցէն, միւս չորս հաստատութիւններու (Ղալաթիոյ, Գարակէօզեան Տան, Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւններ) ղեկավարութիւնները այդքան ալ ուրախ չեն այդ հեռանկարով, սակայն, անոնց ճակատագիրը պիտի յստականայ գործընթացի շարունակութեան։

Ինչպէս միշտ, համայնքային վարիչները կանգ առած են նաեւ դպրոցներու նիւթական անելին վրայ։ Ծաւալուած խօսակցութիւններուն վերաբերեալ մեր ունեցած լսումներուն լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ պոլսահայ կրթական համակարգի կայունութիւնը հետզհետէ աւելի լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը մնայ՝ վարժարաններու նիւթական բեռին եւ անկազմակերպ վիճակին հետեւանքով։ Շատ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքի վարիչները չեն յաջողիր աւելի արդիւնաւէտ կառավարման ձեւ մը գտնել մեր վարժարաններուն համար, որպէսզի անոնք կատարելագործուին բոլոր առումներով, կարողանան լաւ վարձատրել իրենց ուսուցիչները եւ ի վերջոյ ալ կարողանան շատ աւելի որակեալ սերունդներ պատրաստել։

Երէկուան խորհրդակցութեան վերաբերեալ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած տեղեկութիւններու լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ թրքահայութիւնը անխուսափելի ճամբաբաժանի մը դէմ յանդիման է։ Յառաջիկայ շրջանին համայնքի աւանդական կառավարման դրութիւնը նոր ժամանակներու եւ նոր իրավիճակներու համապատասխանեցնելու անհրաժեշտութիւնը պիտի դառնայ անշրջադարձելի։ Այս բոլորի լոյսին տակ առաւօտուն հեռախօսազրոյց մը ունեցանք ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Այս առթիւ մեզի յայտնեց, որ նոր մշակուած կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած՝ ընտրութիւններու շրջանային համակարգը իր տեսանկիւնէն դրական է ու մեր համայնքի այժմու իրականութիւններուն համապատասխան՝ իսկական կարիքներու յագեցման տեսակէտէ։ «10-15 հոգիի մասնակցութեամբ ընտրութիւն պէտք չէ ըլլայ համայնքին մէջ», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ Ազգային հիւանդանոցի պարագային ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկու տարի աւելի ուշ։ Ան եւս հաստատեց, որ հիւանդանոցը մեր համայնքի «տանիք կառոյցը» պիտի դառնայ։ Ատենապետի բացատրութիւններով՝ այս հանգամանքը ի զօրու է նաեւ միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու պարագային։ Անոնց համար յաւելեալ իրաւունքներ ալ պիտի սահմանուին՝ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ համակարգումով։ Ուստի, յաւելեալ ժամկէտը կամ գործնական յապաղումը պայմանաւորուած է այս հանգամանքներով։

Շիրինօղլու համոզուած է, թէ այժմու վիճակով դժուար թէ համայնքային ընտրութիւնները կատարուին մինչեւ տարեվերջ, եթէ ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ ընթանայ, ապա հազիւ 2023-ի գարնան հնարաւոր կրնայ ըլլալ նոր ընտրութիւն մը իրականացնել։ Ան յատկապէս ընդգծեց, որ այս բոլորը, բնականաբար, պարզապէս կանխատեսում կամ ենթադրութիւն է, որովհետեւ մշակուածն ու քննարկուածը պարզապէս կանոնադրութեան նախագիծ մըն է։

Անդրադառնալով վարժարաններու վերաբերեալ յառաջացած ահաւոր դժուարութիւններուն՝ Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ մեր կրթական համակարգը, մեր դպրոցները ցիրուցան դառնալու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուին։ «Այսօր կան դպրոցներ, ուր դասարանի մը մէջ միայն մէկ աշակերտ կը գտնուի, կան դպրոցներ, ուր կրթութեան անբաւարարութեան հետեւանքով դասարանի մը ամբողջ սաները դպրոցէն առնուած են ծնողներու կողմէ։ Այս վիճակով մենք ո՞ւր կրնանք հասնիլ։ Եթէ մօտաւոր անցեալին վարժարաններու շէնքերու ամրացման համար անհրաժեշտ գումարը մեզի համար աներեւակայելի էր, ապա այսօր այդ անհրաժեշտ աշխատանքին ենթադրած ծախսն ալ բազմապատկուած է։ Ի՞նչ պիտի ընենք ի տես այս բոլորին։ Այսօրուայ փորձառու վարիչները դպրոցներու միացման գործը պէտք չէ յետաձգեն ու որպէս բեռ թողեն նոր ընտրուելիք վարիչներուն», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ ERVAB-ի ընդհանուր կազմակերպութիւնն ալ պէտք է դառնայ աւելի արդիւնաւէտ, որպէսզի այս բոլոր խնդիրները լուծման հունի մէջ դնել կարելի ըլլայ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+