Պատրիարքարանի ամարանոցի մէջ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Ի - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

07 Ağustos 2022  

Պատրիարքարանի ամարանոցի մէջ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Ի -

Պատրիարքարանի ամարանոցի մէջ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Ի Պատրիարքարանի ամարանոցի մէջ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզը։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Օգոստոս 2022, Շաբաթ, երեկոյեան, Պատրիարքարանի ամարանոցի մէջ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզը։

Նորին Ամենապատուութիւնը, զանազան լսումներէ տեղեկացած ըլլալով, թէ՝ Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը առանձին ընտրողական յանձնախումբ կազմած, ընտրութեան թուականի որոշում կայացուցած եւ այս ուղղութեամբ 800 հոգինոց ընտրողացանկ մը ներկայացուցած էր Վաքըֆներու Տնօրէնութեան։ Պատրիարք Հայրը, այս ուղղութեամբ իր անհանգստութիւնը արտայայտելու եւ թաղային խորհուրդի ընտրողական գործունէութեան մասին անձամբ տեղեկութիւն ստանալու առաջադրութեամբ հրաւիրած էր Իսքէնտէր Շահինկէօզը։

Ատենապետ Շահինկէօզ, յայտնած է, թէ՝ ընտրութեան կապակցութեամբ իրենց որդեգրած գորընթացքը օրինական էր։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնած է, թէ՝ ԷՐՎԱՊ-ը շրջանային ընտրութեանց համար որդեգրած էր ընտրողական հասարակաց գործընթացք մը եւ ճիշտ պիտի ըլլար, որ Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը եւս ընդգրկէր այս գործընթացքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը, նաեւ անձամբ յայտնած է Օրթագիւղի գործելոճին մասին։

Ատենապետ Շահինկէօզ յայտնեց, թէ՝ պիտի շարունակեն իրենց որոշումին վրայ հաստատ մնալ, մինչեւ այն ժամանակ որ Վաքըֆներու Տնօրէնութեան կողմէ տեղեկացուի այլ գործընթացքի մը ուղղութիւնը։ Պատրիարք Հայրը, շուրչ 20.000 համայնքի անդամներուն ընտրելու իրաւունքին նկատմամբ ունեցած յարգանքով, յիշեցուց որ ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն է խնդրոյ արարկան եւ ինք այս ուղղութեամբ անձամբ դիմում պիտի ներկայացնէ պատկան իշխանութեանց։

Պատրիարքական Աթոռը, այս հանդիպման յաջորդող օր, հանդէս եկած է պաշտօնական լուսաբանութեամբ։





Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+