Աղթամարի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Ամենայն Հայոց Երանաշորհ Հայրապետներու, ի - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

05 Eylül 2022  

Աղթամարի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Ամենայն Հայոց Երանաշորհ Հայրապետներու, ի -

Աղթամարի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Ամենայն Հայոց Երանաշորհ Հայրապետներու, ի Աղթամարի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Ամենայն Հայոց Երանաշորհ Հայրապետներու, ինչպէս նաեւ Աղթամարայ երբեմնի Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներու եւ

Աղթամարի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Ամենայն Հայոց Երանաշորհ Հայրապետներու, ինչպէս նաեւ Աղթամարայ երբեմնի Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներու եւ Աղթամարի Աթոռոյ միաբաններու, Պոլսոյ երանաշորհ Պատրիարքներու։

Յիշատակուեցան նաեւ Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Վանի երբեմնի թեմի առաջնորդներն ու սպասաւորները եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Ամենպատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափորը առաջնորդուեցաւ փակ, ուր, բազմաթիւհաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Անդաստանի արարողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ փակը գրեթէ լեցուն էր ուխտաւորներուն եւ այցելուներու ներկայութեամբ։

Հոգեպարար էր այն պահը, երբ թափորը կը դառնար, սարկաւագներ ու դպիրներ կը կատարէին երգեցողութիւնները եւ եւ կ՚օրհնուէին աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։

Անդաստանի աւարտին, Պատրիարք Հայրը Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ, իր մօտն ունենալով հոգեւոր հայրերը եւ Սահակեան Դպրաց Դասու երկսեռ անդամները, «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց բոլոր ներկաները։ Ապա, Մեր Հոգեւոր Պետը, սարկաւագներն ու դպիրները արձակեցին սպիտակ աղաւնիներ մաղթելով խաղաղութիւն ամենայն աշխարհի։

Տօնական Ս. Պատարագն ու արարողութիւնները իրենց աւարտին հասան խմբանկարով։

Իսկ Պատրիարք Հայրն ու արարողութեան մասնակից բոլոր սպասաւորները, նոյն երեկոյթեան օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+