Մեր Դպրոցներու Մասին… - Հայերէն
12 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Անի / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

08 Eylül 2022  

Մեր Դպրոցներու Մասին… -

Մեր Դպրոցներու Մասին… Մեր Դպրոցներու Մասին…

Ծ.Խ.- Վերամուտ է դարձեալ։ 2022-2023 կրթական շրջանը շուտով պաշտօնապէս պիտի սկսի՝ թէեւ բազմաթիւ դպրոցներու մէջ ուսման գործընթացը արդէն սկիզբ առած է։ Վերամուտը մէկ կողմէ մեծ հրճուանք է, իսկ միւս կողմէ՝ մարտահրաւէր։

Պոլսահայ կրթական կեանքին տեսակէտէ ալ այս վերամուտը դարձեալ օրակարգի վրայ կը բերէ մեր վաղեմի խնդիրները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը մնան անլոյծ եւ, անշուշ, կը խորանան անխուսափելիօրէն։ Ներկայ վերամուտին ընդառաջ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան ստորագրած է ուշագրաւ յօդուած մը, որ վերլուծութիւններ կը բովանդակէ՝ շարք մը վիճակագրական տուեալներու լոյսին տակ։ Սիլվա Գույումճեան պոլսահայ կրթական կեանքի վերջին մոհիկանն է։ Ան մօտաւորապէս չորս տասնամեակէ ի վեր Կեդրոնականի գլուխը կը գտնուի եւ այս պահուն մեր կրթական համակարգէն ներս գրեթէ միակն է, որ ունի գրիչը վերցնելով կարծիք յայտնելու կարողութիւնը եւ պաշարը։ Սիլվա Գույումճեանի այս յօդուածը իսկապէս ահազանգ մըն է, որ պէտք է լայն արձագանգ գտնէ։ Այս յօդուածը պէտք է կարդան թրքահայ այն վարչայինները, որոնք հայկական վարժարաններ կը կառավարեն։ Այս յօդուածը պէտք է կարդան այն ուսուցիչները՝ մանաւանդ հայերէնի ուսուցիչները, որոնք հայկական վարժարանի մէջ կ՚աշխատին, սակայն տարրական մակարդակով հայերէն չեն գիտեր։ Այս յօդուածը թէեւ չունի յստակ հասցէատէր մը, սակայն իրականութեան մէջ հասցէագրուած է բոլոր անոնց, որոնք կը տագնապին հայ դպրոցի ապագայով եւ պատասխանատուութեան զգացում պէտք է ունենան անոր նկատմամբ։ Մաղթենք. մաղթենք, որ մարդիկ կարդան, խորաթափանց ընկալեն եւ ինչո՞ւ չէ, սկսին մտածել շարժման անցնելու մասին…
Ստորեւ Սիլվա Գույումճեանի յօդուածը նոյնութեամբ կը ներկայացնենք՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն։

Ներկայիս ակնյայտ երեւոյթ մըն է, թէ կարգ մը հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները կ՚առաջնորդեն «Գօլէժ» անուանեալ մասնաւոր կամ պետական որեւէ «Անատօլու» լիսէ մը…
Ինչպէս միշտ եղեր էր, այսօր եւս պիտի ըլլան, անշուշտ, յաջողագոյն տղոցմէ եւ նիւթապէս աւելի բարւոք ընտանիքներէ օտար վարժարան մը կամ մի քանի որակեալ պետական վարժարան նախընտրողներ… Անոնք եղած են բացառիկ պարագաներ՝ ընդունելի նաեւ յաչս համայնքին։
Ներկայ վիճակը տարբեր է, սակայն, քանի այսօր աւելի մեծ թիւով տղաք կ՚ուղղուին նոյնիսկ ակադեմական մակարդակով, դպրոցի մշակոյթով եւ ընկերային մթնոլորտով ոչ-գերազանց միջավայր մը՝ քան Հայ դպրոցը… Դեռ պատանի հասակին տղան հեռացնել իր միջավայրէն եւ թողուլ զայն անծանօթին… Անխուսափելի է, նոյնիսկ նախընտրելի, երբ ատիկա գիտակցօրէն կը պատահի, երբ տղան արդէն հասած է իր ինքնութեան գիտակցութեան:
Հարց տանք, թէ ի՞նչն է պատճառը, որ կարգ մը ծնողք նախակրթարանէ սկսեալ մեծ սպասումներով իրենց զաւակը կ՚առաջնորդեն դէպի այլ միջավայրեր…

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ԿԱՍԿԱԾԸ… ԱՐԴԵՕ՞Ք
- Ծնողք ակադեմական տեսակէտէ անբաւարար կը նկատեն նախակրթական կամ լիսէի ուսման մակարդակը, լիսէի եւ համալսարան մուտքի քննութեանց արդիւնքը։
- Ծնողք ընկերային ձեռնարկներու, ակումբներու գործունէութեան տեսակէտէ անբաւարար կը նկատեն Հայ վարժարանը։
- Անբաւարար են դպրոցի շէնքի հնարաւորութիւնները։
- Ծնողք կը նախընտրեն անվճար պետական որեւէ «Անատօլու» լիսէ մը։
- Օտար լեզուն տկար է Հայ վարժարանին մէջ, մինչդեռ տղան արտասահմանի մէջ բարձրագոյն ուսման պիտի հետեւի IB (International Baccaloria) վկայականով, եւլն., եւլն.…
ԸՆԿԵՐԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆ… ԱՐԴԵՕ՞Ք
- Հայ ծնողներու ծննդաբերութիւնները կը պակսին։
- Հայ ընտանիքներու գաղթը աւելցած է։
- Օտար ամուսնութիւններու թիւը կ՚աճի։
- Ծնողքին հայու ինքնութեան եւ հայերէնի հետ կապը նուազած է։
- Ծնողքը ընկերային եւ դասակարգային բարձրացման համար լծակ կը նկատէ օտար կամ թրքական վարժարանի մթնոլորտը, եւլն., եւլն….
Վարկածներու շարքը կարելի է երկարել ականջ տալով համայնքին բոլոր հատուածներուն՝ ծնողք, աշակերտ, շրջանաւարտ, ուսուցիչ, վարչային…
ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ…
Ակադեմական մակարդակով, համալսարան մուտքի առումով մեր լիսէները կ՚արձանագրեն նախանձելի յաջողութիւն։
Հայ միջնակարգերէ տղաք իրենց մտային կարողութեան, ընդունակութեան, աշխատելու ունակութեան համեմատ ո՛չ թէ նուազ, այլ շատ աւելի երջանիկ եւ յաջող կը դառնան հայ լիսէի մը մէջ՝ քանի հայ վարժարանը իր աշակերտին հետ կը հետաքրքրուի ո՛չ թէ որպէս յաճախորդ, այլ որպէս իր ապագայ սերունդը։
Օտար լեզուի՝ անգլերէնի պարագան նախակրթարաններէ սկսեալ գրեթէ լուծուած կը նկատենք՝ քանի մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ կիրարկուած անգլերէնի ծրագրին կանոնաւոր հետեւող տղան նոյնիսկ առանց նախապատրաստական ուսանելու կրնայ ուղղակի առաջին դասարան հետեւիլ Թուրքիոյ լաւագոյն համալսարաններուն մէջ. օրինակները բազմաթիւ են:
Արտասահման ուսանելու համար պարտադիր չէ IB վկայականի տէր ըլլալ, ունեցանք աշակերտներ որոնք թուաբանութեան եւ անգլերէնի քննութեան մէջ յաջողելով եւ կամ Թուրքիոյ մէջ համարժէք ճիւղը շահելով մուտք գործեցին արտասահմանի իրենց նախընտրած բաժինը:
Այսօր մեր դպրոցներուն մօտէն ծանօթ թուրք ուսուցիչներ, բարեկամներ գնահատելով հայ վարժարանը՝ յաճախ կ՚ընդվզին, թէ ինչո՞ւ իրենց զաւակները չեն ընդունուիր այս դպրոցները կամ ինչո՞ւ հայ համայնքը լիովին չ՚օգտագործեր իրեն ընծայուած այս առիթը։
ԸՆԿԵՐԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ…
Դժուար է խօսիլ… Մարդիկ իրենց ընտրութիւններուն, իրենց մտահոգութիւններուն, երբեմն ալ զուգադիպութիւններով կը ձեւաւորեն իրենց կեանքը՝ երբեմն օրինակ հանդիսանալով, երբեմն ալ օրինակ առնելով իրենց մօտիկ շրջանակը… Ազգային, մշակութային ինքնութեան մը պահպանման պայքարը կրնայ նուազ կարեւորութիւն ունենալ անհատէ անհատ։
ԲԱՐԵԼԱՒՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ ԿԻՐԱՐԿԵԼԻ՝ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԲՈԼՈՐ ԽԱՒԵՐՈՒՆ ՄԻԱՏԵՂ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ…
- Լուրջ ներդրումներ ընել մարդու… Դպրոցներու պարագային ուսուցիչին վերապատրաստութեան, անոր աշխարհահայեացքի ընդլայնման, զարգացման համար պիւտճէ տրամադրել եւ մօտէն հետեւիլ ընթացքին, ծրագիրներու իրականացման։
- Ուսուցչութիւնը նախընտրելի ասպարէզ դարձնել համայնքին յաջողագոյն երիտասարդներուն համար։ Ուսուցիչը նիւթապէս գոհացնել։
- Զարգացնել՝ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկները… Հանդիպումներ ունենալ համայնքին եւ երկրին մտաւորական դասակարգին հետ, օտար կամ թուրք անուանի վարժարաններու աշակերտութեան հետ ծրագիրներ մշակել, որպէսզի հայ տղան դառնայ ա՛լ աւելի ինքնավստահ, ակադեմական յաջողութեան կողքին։
- Արհեստից վարժարան մը՝ յարմարագոյն բաժիններով… Հայ վարժարանը մեծ մասամբ զուրկ է համայնքին բոլոր զաւակները ընդգրկող ծրագիրներէ։
Հայ դպրոցը այս հողերուն վրայ արդէն իսկ ունէր տղան արհեստի մը տէր դարձնելով կեանքի պատրաստելու միջոցներ… Գարակէօզեանը՝ որպէս մանչերու որբանոց, ունէր զանազան արհեստանոցներ, Գալֆաեանը հիմնուած էր՝ որբուհիներու ձեռագործ ջամբելու համար: Իսկ Էրզրումի Սանասարեանը ունէր նաեւ արհեստանոցի բաժին մը:
- Յուզիչ է… Նախակրթական վարժարաններ յաջողութիւն կը նկատեն իրենց աշակերտին նոյնիսկ հասարակ թրքական մասնաւոր կամ «Անատօլու» լիսէ մը մուտքը՝ զանոնք որակաւոր վարժարաններ անուանելով։ Թերթերու եւ ընկերային ցանցերու մէջ տղոց անունները յայտարարել եւ բնաւ նկատի չունենալ կամ երկրորդ աստիճանի դասել հայկական լիսէներ արձանագրուողները…
- Ինչո՞ւ չունենալ ուսումնական խորհուրդ մը, ուսուցիչներու, դպրոցներու աշխատանքը համակարգող խորհուրդ մը…
Մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբը, նոյնիսկ մինչեւ 1950-ական թուականները դպրոցները կը գործէին՝ նկատի ունենալով նաեւ Ուսումնական խորհուրդը, որուն կ՚ատենապետէին ուսուցչապետ կոչուած մանկավարժ ուսուցիչներ։ Այսօր այդ պաշտօնը ստանձնելու յարմարագոյն հաստատութիւնը կրնայ համարուիլ Ուսուցչաց հիմնարկը՝ նկատի ունենալով իր կանոնագրութեան մէջ ուսուցիչ պատրաստելու յօդուածին գոյութիւնը:
ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ…
Դաստիարակութիւն, ուսում… Գրեթէ ամենադժուարին եւ խնդրայարոյց բնագաւառը, նոյնիսկ յառաջացեալ երկիրներու համար։ Որպէս պոլսահայ փոքր համայնք՝ մենք եւս ձգտելով լաւագոյնին, ջանացած ենք յաղթահարել ոլորտի դժուարութիւնները: Ահա անձնական կամ խմբային աշխատանքներով լոյս տեսած շարք մը տեղեկագրութիւններ, մեր կրթական կեանքը բարելաւելու ուղղեալ յիսնամեայ որոնումներ։
- Թուրքիոյ Հանրապետութեան յիսնամեակին իսթանպուլահայ վարժարաններու վիճակը- Օննիկ Ֆչըճեան (Շողակաթ, 1973)։ Բաղկացած է տասը գլուխներէ՝ արհեստից վարժարաններ, ուսուցիչին մտաւոր վիճակը եւ նիւթական կացութիւնը, դասէ դուրս աշխատանք, եւլն։
- Վիճակագրական տեղեկութիւններ Իսթանպուլի հայ վարժարաններու մասին 1971-72 տարեշրջանի յատուկ- Տքթ. Շահնուր Շահէն (Շողակաթ, 1973)։
- Eğitimi Yeniden Yapılandırma Komisyonu Raporu (Kasım 2002, İstanbul)։ Համայնքիս խումբ մը մտաւորական, արհեստավարժ ուսուցիչ եւ տնօրէններու կողմէ պատրաստուած եւ թուային տուեալներով ճոխացուած տեղեկագիր մը։
- Ակնարկ մը ստանպուլահայ վարժարաններու իրականութեան- Սիլվա Գույումճեան (2000 եւ 2010)։
Եւ ահա պոլսահայ դպրոցներու վերջին յիսուն տարուան վիճակագրական պատկերը…
Տարեշրջան Աշակերտի թիւ Դպրոցի թիւ
1972-1973 7.366 32
1999-2000 3.786 18
2009-2010 3.029 16
2021-2022 2.893 16
2022-2023 ? 16
Բանաստեղծ, կրթական մշակ Օննիկ Ֆչըճեանի կողմէ 1973-ին գրի առնուած տեղեկագրութիւնը եւ նոյն թուականներուն Ուսուցչաց հիմնարկի եւ միութեան գործօն անդամ տքթ. Շահնուր Շահէնի քաղած վիճակագրական տեղեկութիւնները կ՚արժէ կրկին ուսումնասիրել: Ֆչըճեանի յիսուն տարի առաջուան տեղեկագիրը գրեթէ նոյնութեամբ կը ցոլացնէ մեր կրթական հաստատութիւններու այսօրուան իրականութիւնը: Իսկ 2002-ին պոլսահայ ակադեմական եւ կրթական մշակներու կողմէ պատրաստուած լայնածաւալ տեղեկագիրը մանրակրկիտ աշխատանքի մը արդիւնքն է: Դժբախտաբար չէ ունեցած գործնական կիրարկում։
2000-ին գրի առնուած եւ 2010-ին այժմէականացուած «Ակնարկ մը՝ պոլսահայ վարժարաններու իրականութեան» խորագրով գրքոյկը եւս լոյս կրնայ սփռել մերօրեայ պահանջներուն վրայ։
Ուրեմն… Ինչպէ՜ս բարձրացնել թիւը կամ գոնէ կասեցնել թուային անկումը հայ դպրոցի աշակերտութեան…
Ի մի հաւաքուիլ… Խօսիլ… Քննարկել… Գործի լծուիլ…
Բաժնել ամէն ինչ նիւթական, գաղափարական, գործնական գետնի վրայ…

ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱ




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+