Նոր Խմորումներ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

07 Eylül 2022  

Նոր Խմորումներ -

Նոր Խմորումներ Նոր Խմորումներ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան հրապարակման զուգահեռ արդէն մինչեւ տարեվերջ քուէարկութեան ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը դարձած է յստակ։ Համապատասխան ժամանակացոյցը ընթացքի մէջ է՝ մինչ ամրան արձակուրդի աւարտին իրադարձութիւններն ալ աւելի թափ կը ստանան։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ ներկայիս կարեւոր կէտեր կը բիւրեղանան եւ ակամայ նոր առաջնահերթութիւններ կը յստականան։ Համայնքէն ներս խնդրոյ առարկայ են նոր խմորումներ, որոնց տեսակէտէ իսկապէս յատկանշական խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։ Դռնփակ խորհրդակցութիւն մըն էր այս մէկը, որու կապակցութեամբ մեր ստացած տեղեկութիւնները կը վկայեն, թէ համայնքային շրջանակներէն ներս զգայնութիւնը հետզհետէ կ՚ամրապնդուի մօտալուտ ընտրութիւններուն տեսակէտէ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկուան խորհրդակցութիւնը կազմակերպուած էր մեր ազգայիններէն Խաչիկ Ճանէլի նախաձեռնութեամբ։ Ծանօթ է, որ ան վերջին շրջանին ողջունելի աշխատանք կը տանի եւ իր գործունէութիւնը հետզհետէ ժողովրդականութիւն կը վայելէ՝ մանաւանդ, որ համավարակի շրջանէն ի վեր Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գլուխը կը գտնուի։ Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Խաչիկ Ճանէլի հետ, որ համայնքային ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրներուն ալ աշխուժօրէն ներգրաւուած է եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ վերջին շրջանին կազմակերպուած հանդիպումներուն ալ մասնակից կը դառնայ։ Այս առաւօտեան մեր զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ. «Համայնքային խնդիրներուն շուրջ բոլորիս կը վիճակի պատասխանատուութիւն, ուստի անպաշտօն, անհատական նախաձեռնութիւնով մը ծրագրած էի լայնախարիսխ հաւաքոյթ մը կազմակերպել ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Շատ շնորհակալ եմ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքին, որ յանձն առաւ հիւրընկալել այս՝ բարեկամական խորհրդակցութեան ձեւաչափով հաւաքոյթը։ Մասնակիցներուն ալ շնորհակալ եմ։

«Ծանօթ է, որ ընտրութիւններու հարցին շուրջ կան իրադարձութիւններ, համայնքին անունով յառաջ կը տարուին շփումներ, բայց այս բոլորը շատ սահմանափակ շրջանակի մէջ արձագանգ կը գտնէ։ Այս պահուն մեր մեծագոյն խնդիրներէն մէկը անտարբերութիւնն է։ Այո, մենք ընտրութիւններու վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ կանոնաւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Պարոն Պետրոս Շիրինօղլուին եւ համայնքի վարչայինները հաղորդ են իրադարձութիւններուն, սակայն ամէն ինչ այդքանով սահմանափակուած պէտք չէ ըլլայ։ Մեր ժողովուրդը անտարբերութիւն պէտք չէ ցուցաբերէ ընտրութիւններուն նկատմամբ։ Վաղը ընտրութիւն կայ, ովքե՞ր են թեկնածուները, դարձեալ նոյն անձերը… Հետեւաբար, մարդիկ իրազեկ պէտք է ըլլան, որպէսզի այդ գիտութեան հիման վրայ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն։ Մարդիկ որքան որ չեն գիտեր, այնքան կ՚օտարանան։ Համատարած զգայնութիւն պէտք է ըլլայ»։

Զրոյցի ընթացքին Խաչիկ Ճանէլ յայտնեց, որ կարգ մը վաքըֆներ մեր համայնքին տեսակէտէ ճակատագրական կը համարուին իրենց տնօրինած միջոցներով, սակայն, նոր շրջանին անոնց կառավարման հեռանկարներուն շուրջ հանրային ընդհանուր համաձայնութեան մը մթնոլորտը չէ պատրաստուած։ «Երեւակայեցէք, Պէյքոզի թաղային խորհուրդը վերջին անգամ 12 տարի առաջ 28 քուէով ընտրուած է», ըսաւ Խաչիկ Ճանէլ եւ աւելցուց, որ Օրթագիւղէն սկսեալ մինիչեւ Պիւյիւքտէրէ բազմաթիւ վաքըֆներու պարագային խնդիրներ գոյութիւն ունին։ Ան ահազանգ հնչեցուց, թէ ընտրութիւնները միայն համայնքի սահմանափակ շրջանակներուն մէջ հետաքրքրութեան կ՚արժանանան եւ այս կացութիւնը պէտք է անպայման յաղթահարել։ «Մարդիկ պէտք է լաւ գիտնան կանոնները, հասկնան դրութիւնը ու պէտք է մտածեն թեկնածու ըլլալու մասին», նշեց Խաչիկ Ճանէլ եւ աւելցուց, որ մեր համայնքի անդամները պէտք է խրախուսուին, որպէսզի ընտրութիւններու նկատմամբ զգայնութիւնը բարձրանայ։ «Մինչեւ այս պահը, ընդհանուր առմամբ, ընտրութիւնը մեր համայնքէն ներս տակաւին ընդունելութիւն չէ գտած։ Այս կացութեան դէմ չենք կրնար ձեռնածալ մնալ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ երէկուան խորհրդակցութեան մասնակիցներու շարքին գտնուած են բազում անհատներ, որոնք մեր համայնքի ապագայի պարագային ունին երազներ, նաեւ մեր հաստատութիւններու հեռանկարներուն եւ առաքելութիւններուն շուրջ տեսլականներ։

Երէկուան խորհրդակցութեան ներկայ գտնուած է նաեւ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն է։ Իր հետ ալ ունեցանք կարճ հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին ան եւս ընդգծեց, որ ընտրութիւններու նկատմամբ համայնքէն ներս հետաքրքրութեան մակարդակը անպայման պէտք է բարձրացուի։ Իր խօսքով՝ երէկուան հաւաքոյթին ժամանակ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցուած են պետական պաշտօնատարներու հետ վերջին շրջաններուն կատարուած շփումներուն կապակցութեամբ։ «Մենք հնարաւորութիւն ունեցած ենք յառաջացած հարցերուն կապակցութեամբ հասնիլ մինչեւ նախարարները։ Շփումները կը շարունակուին, գործընթացի յաջորդ փուլերուն միասնաբար ականատես պիտի ըլլանք», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Մուրատ Էօզչելիքն ալ մեզի յայտնեց, որ երէկուան խորհրդակցութեան հիմնական նպատակն էր ապահովել՝ համայնքէն ներս ընտրութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութեան աճիլը։ Ան մաղթեց, որ մեր համայնքէն աւելի լայն շրջանակներ ներգրաւուին այս գործընթացին։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+