Շնորհաւորութիւններու Տարափ - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

20 Ekim 2022  

Շնորհաւորութիւններու Տարափ -

Շնորհաւորութիւններու Տարափ Շնորհաւորութիւններու Տարափ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը կը շարունակէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը բնորոշել։ Համայնքային շրջանակները այս փուլին ջերմօրէն կ՚ողջունեն Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը, որով յառաջիկայ շրջանին հերթի փոփոխութիւն մը խնդրոյ առարկայ պիտի դառնայ Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական մեր այս թաղի մատակարար մարմնի պարագային։ Սարգիս Չեթինքայա եւ գործակից ընկերները, որոնք այս փուլին իրաւունք շահած են թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու, լայնախարիսխ զօրակցութեան առարկայ կը դառնան բոլոր հարթութիւններու վրայ, մանաւանդ շաբաթավերջի քուէարկութեամբ իրենց ապահոված ժողովրդական ամուր յենարաններով։ Նորընտիր թաղականներու պարագային, առանց չափազանցութեան, ներկայիս շնորհաւորութիւններու տարափ մը խնդրոյ առարկայ է։ Ինչպէս ծանօթ է, ընտրութենէն անմիջապէս վերջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորած էր Սարգիս Չեթինքայան եւ ընկերները։ Կը տեղեկանանք, որ ընտրութենէն ի վեր արդէն Չեթինքայայի եւ ընկերներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը շնորհաւորած են նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, երախտաշատ համայնքային բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, նոյնպէս յայտնի բարերար Եթքին Պէրպէրօղլու, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաստատութիւններու վարիչներ, համայնքային գործիչներ եւ մեր հաւաքական կեանքին ներգրաւուած բազում դէմքեր։

Սարգիս Չեթինքայա եւ իր գործակից ընկերները մէկ կողմէ կ՚ապրին ընտրութեան արդիւնքով պարզուած պատկերին բերկրանքը, իսկ միւս կողմէ միշտ չափաւոր եւ հաւասարակշռուած պատգամներով հանդէս կու գան, որպէսզի համայնքէն ներս յաղթահարեն միասնականութեան ոգին, համերաշխութիւնը, ներդաշնակութիւնը եւ ամրապնդուի համագործակցութեան ձգտումը։

Այժմ, Օրթագիւղի եկեղեցւոյ ընտրեալ թաղային խորհուրդը պաշտօնի ձեռնարկելու համար կը սպասէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացման։ Նորընտիր թաղականները ընտրութեան արդիւնքին լոյսին տակ իրենց միջեւ կ՚ունենան անպաշտօն խորհրդակցութիւններ կամ կարծիքի փոխանակումներ, որպէսզի երբ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուի ընտրութեան արդիւնքը, ապա պատրաստ ըլլան անմիջապէս աշխատանքի անցնելու։

Հարկ է նշել, որ անցեալ կիրակի օրուան ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ Վաքըֆներու Իսթանպուլի շրջանային տնօրէնութեան պաշտօնապէս յանձնուած էին՝ կնքեալ պարկերու մէջ պարուրուած քուէաթերթիկները, կղպուած քուէատուփերով եւ կազմուած համապատասխան արձանագրութիւններով հանդերձ։ Այդ բոլորը պատկան մարմիններուն ներկայացուած էին ընտրութիւնը կազմակերպած մարմնի ատենապետին՝ Սեւան Հատտէլէրի, նաեւ ընտրեալ կազմի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Այժմ կը սպասուի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ընտրութեան արդիւնքի հաստատման, որու պարագային կ՚ենթադրուի անհրաժեշտ ընթացակարգ մը։ Ամենայն հաւանականութեամբ այդ ընթացակարգը կրնայ տեւել շուրջ տասն օր կամ երկու շաբաթ։ Այդ ժամանակամիջոցի աւարտին արդէն պիտի հասնի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ պաշտօնական վաւերացումը եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդը իրաւունք պիտի ունենայ վերջնականօրէն պաշտօնի ձեռնարկելու։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+