​Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-Րդ Անգամ Վերընտրուեցաւ Pen-Ի Թուրքիոյ Մասնաճիւղի Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

22 Aralık 2022  

​Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-Րդ Անգամ Վերընտրուեցաւ Pen-Ի Թուրքիոյ Մասնաճիւղի Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ -

​Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-Րդ Անգամ Վերընտրուեցաւ Pen-Ի Թուրքիոյ Մասնաճիւղի Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ ​Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-Րդ Անգամ Վերընտրուեցաւ Pen-Ի Թուրքիոյ Մասնաճիւղի Պատուոյ Խորհուրդի Անդամ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան 6-րդ անգամ անընդմէջ վերընտրուեցաւ PEN-ի պատուոյ խորհուրդի անդամ։

Համաշխարհային գրողներու միութեան՝ PEN-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղը վերջերս գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցան երկրի գրական եւ մամլոյ աշխարհէն վառ ներկայացուցիչներ։ Համագումարի ժամանակ կատարուեցան պատուոյ խորհուրդի վարչութեան եւ հաշուեքննիչ մարմնի ընտրութիւնները։

Այս համագումարի ընթացքին Իգնա Սարըասլան վերընտրուեցաւ PEN-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղի պատուոյ խորհուրդի անդամ։ Թրքական գրականութեան այլ յայտնի անուններ եւս մաս կազմեցին նոյն խորհուրդին։

Համագումարի արդիւնքով գործի գլուխ եկած PEN-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը կը գլխաւորէ Զէյնեփ Օրալ։ Հաշուեքննիչ մարմնին մէջ տեղ առած է նաեւ Զիւլֆիւ Լիվանելի։

Հարկ է նշել, որ PEN-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղը ստեղծուած է 1950 թուականին՝ առաջնորդութեամբ Հալիտէ Էտիփ Ատըվարի։

Իգնա Սարըասլան, որ պոլսահայ արդի գրականութեան յայտնի ներկայացուցիչներէն մին է, երկար տարիներէ ի վեր կ՚անդամակցի PEN-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղին։ Այս հարթակին վրայ իր ներկայութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն՝ քանի ան հայ գրականութեան շրջանակէն դուրս կու գայ՝ դէպի աւելի ընդարձակ գետին մը եւ այնտեղ ալ, անշուշտ, կը ներկայացնէ հայ գրականութիւնը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Իգնա Սարըասլանը եւ մշտադալար գրիչ կը մաղթենք իրեն։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+