​Մխիթարեան Սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը - Հայերէն
08 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Միհր / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

27 Mart 2023  

​Մխիթարեան Սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը -

​Մխիթարեան Սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը ​Մխիթարեան Սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը

Միութեան նոր հաւաքատեղիին խորհրդանշական ժապաւէնը հատեցին Զեքիեան Գերապայծառ եւ միւս պատուոյ հիւրերըՄխիթարեանի ընտանիքին տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիի պաշտօնական բացումով։ Սա, ինչպէս Մխիթարեանի ընտանիքին, այնպէս ալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է՝ մանաւանդ, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը միշտ եղած է համայնքային ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին։

Խորհրդանշական թուականի մը զուգադիպեցաւ նոր հաւաքատեղիի պաշտօնական բացումը։ Արդարեւ, 1946 թուականին, երբ Մխիթարեան սանուց միութիւնը հիմնուած էր, տակաւին չունէր հաւաքատեղի մը։ Տարի մը անց բացուած էր միութեան հաւաքատեղին՝ 23 մարտ 1947 թուականին։ Իսկ երէկ, դարձեալ 23 մարտի մը զուգադիպեցաւ միութեան նոր հաւաքատեղիին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ներկայ էին նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն, Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ իր գործակից ընկերները, դպրոցի զանազան սերունդներէ սաներ եւ մշակութասէրներ։ Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան ատենապետ Արսէն Գովանի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան անդամներուն կողմէ։ Ի նշանաւորումն միութեան նոր հաւաքատեղիի բացման՝ տեղի ունեցաւ նաեւ յայտնի նկարչուհի Իտա Գահրամանի ցուցահանդէսին բացումը։ Սա եւս կը ներկայացնէր խորհրդանշական զուգահեռական մը։ Արդարեւ, Իտա Գահրամանն ալ տարիներ առաջ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը բացած էր Մխիթարեան սանուց միութեան երդիքին տակ։

Միութեան նոր հաւաքատեղիին խորհրդանշական ժապաւէնը հատեցին Զեքիեան Գերապայծառ եւ միւս պատուոյ հիւրերը։ Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Արսէն Գովան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս նոր հաւաքատեղիի յատկացման եւ յարդարման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն համար։ Ան երախտագիտութեամբ յիշեց վարժարանի նախկին մատակարար մարմնին կողմէ գործադրուած ջանքերը եւ ի շարունակութիւն շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ այժմու՝ նորընտիր մատակարար մարմնին, որ եւս տեւականացուցած էր նոյն կամքը։ Արսէն Գովան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ համակրելի նկարչուհի Իտա Գահրամանին, որու ստեղծագործութիւնները արդէն պայմանաւորեցին երէկուան ձեռնարկին մթնոլորտը։ Արսէն Գովան յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Իտա Գահրամանին։

Հաւաքոյթի մասնակիցները, որոնք միութեան հաւաքատեղին ամբողջութեամբ լեցուցած էին, երեկոյթի տեւողութեան ջերմ ու անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+