​Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիոյ Նախագահ Զելենսքիին - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

14 Mayıs 2023  

​Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիոյ Նախագահ Զելենսքիին -

​Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիոյ Նախագահ Զելենսքիին ​Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիոյ Նախագահ Զելենսքիին

Վոլոտիմիր Զելեսնքին Վատիկան ժամանեց շաբաթ 13 Մայիս 2023ի յետմիջօրէին տեսակցելէ ետք Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Սերճօ Մաթթարելլայի եւ Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնիին հետ։ Զելենսքին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ։

“Ֆրանչիսկոս Պապ. «Շնորհակալ եմ այս այցելութեան համար»։ Զելենսքի. «Պատիւ է ինծի համար»։”

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Այսօր Շաբաթ 13 Մայիս 2023ին Ֆրանչիսկոս պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուքրանիոյ նախագահ Տիար Վլոտիմիր Զելենսքիին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրին հետ» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը։

Քահանայապետին եւ Ուքրանիոյ նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց գրեթէ 40 վայրկեան։ Գերապայծառ Կալլակէրի հետ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ եղաւ Ուքրանիոյ պատերազմը ու անոր հետ կապուած հրատապ հարցերը, յատուկէն անոնք` որոնք մարդասիրական բնոյթ ունին։ Ընդգծուեցաւ նաեւ հարկաւորութիւնը յարատեւելու խաղաղութիւնը ձեռք բերելու ջանքերուն մէջ։

Առիթը պատեհ էր նաեւ քննարկելու երկկողմանի հարցեր հայող յատկապէս Երկրին մէջ Եկեղեցւոյ կեանքին։

Սրբազան Պապը ապահովեցուց իր յարատեւ աղօթքը, որուն վկայութիւնն են` անցեալ փետրուարէն սկսեալ Անոր բազմաթիւ հանրային կոչերը եւ Անոր խաղաղութեան Տիրոջ ուղղուած շարունակական աղերսները։

Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահ Զելենսքիին նուիրեց

Խաղաղութեան խորհրդանիշ ձիթենիի ճիւղ պատկերացնող պրոնզէ ձեռագործ մը

Այս տարուայ խաղաղութեան պատգամը

Մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթը

2020 թուականի մարտի 27-ի «Statio Orbis»-ին գիրքը, խմբագրուած LEV-ի կողմէ

«Ուկրանիայի մէջ խաղաղութեան նուիրուած յորդորագիր» հատորը.

Նախագահ Զելենսքին Քահանայապետին նուիրեց

հակափափուշտային սկաւառակէն պատրաստուած արուեստական գործ մը

«Կորուստ» վերնագիրով` հակամարտութեան ընթացքին մանուկներու սպանութիւնը նկարագրող շրջանակ մը





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+