մոսկուայի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովը տեւեց 20 վայրկեան - Հայերէն
07 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

27 Mayıs 2023  

մոսկուայի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովը տեւեց 20 վայրկեան -

մոսկուայի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովը տեւեց 20 վայրկեան մոսկուայի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովը տեւեց 20 վայրկեան

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ու տանտիրութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովը տեւեց շուրջ 20 վայրկեան, առանց որեւէ փաստաթուղթի ստորագրման։ Եռակողմանի գագաթաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի հետ էին Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Վլատիմիր Փութին նախ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ աւելի վերջ բանակցութիւնները շարունակուեցան եռակողմանի ձեւաչափով։

Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու գագաթաժողովը։ Թէեւ Ատրպէյճան ԵԱՏՄ-ին անդամ չէ, սակայն Ալիեւ մասնակցեցաւ երէկուան գագաթաժողովին։ Փութին Փաշինեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Ալիեւի մասնակցութեան դէմ չգտնուելուն համար։ Յամենայնդէպս, Եւրոասիոյ բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի գագաթաժողովը Փաշինեան-Ալիեւ թէժ բանավէճի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ՝ այն աստիճան, որ Փութին միջամտեց մթնոլորտը հանդարտեցնելու համար։ Արդարեւ, Ալիեւ այս հարթութեան վրայ ալ խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, իսկ Փաշինեան հակադարձեց հայկական կողմի յայտնի հիմնաւորումներով։ Փաշինեանի եւ Փութինի առանձնազրոյցին ընթացքին ալ այս հարցը օրակարգի վրայ եկաւ։ Միջանցքի հարցի պարագային երկու ղեկավարներու դիրքորոշումները եւ բանաձեւումները, ըստ էութեան, ներդաշնակութեան մէջ էին։ Կը հաղորդուի, որ նոյն զուգահեռականները դիտարկել կարելի չէ եղած Լաչինի փակ միջանցքի հարցի պարագային՝ Փաշինեանի եւ Փութինի յայտարարութիւններուն մէջ։

Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմանի գագաթաժողովը աւարտեցաւ ուշ գիշերին։ Թէեւ ռուսական աղբիւրները օրուան սկիզբին եռակողմանի երկու փաստաթուղթերու ստորագրումը հաւանական կը նկատէին, սակայն այդպիսի բան չիրականացաւ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, քննարկուեցան տարածաշրջանային փոխադրական ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի աշխատանքները շարունակուին շաբաթ մը վերջ՝ երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներուն գլխաւորութեամբ։ Փութին երէկ մատնանշեց, որ կողմերու միջեւ առկայ են հարցեր, որոնք տակաւին չեն կարգաւորուած։ «Ընդհանուր առմամբ, իմ կարծիքով, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն, որոնք տակաւին բաւականաչափ են, իրավիճակը կը զարգանայ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այդ ուղղութիւններէն մին է՝ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու աշխատանքը։ Մենք տակաւին նոր երեքով դէմ առ դէմ բաւական մանրակրկիտ այդ մասին խօսեցանք եւ տակաւին կան մինչեւ այս պահը չկարգաւորուած հարցեր», յայտնեց Փութին եւ աւելցուց, որ առկայ խնդիրները բացառապէս թեքնիք բնոյթ կը կրեն եւ յաղթահարելի են։ Ան չմանրամասնեց տարաձայնութիւններու բնոյթը կամ բովանդակութիւնը, միայն դիտել տուաւ, որ խնդիրները ունին եզրաբանական (թերմինոլոժիք) բնոյթ։

«Ի հարկէ, այդ եզրոյթներու ետին պէտք է ըլլայ ճշգրիտ պատկերացում այն իրողութիւններու եւ իրադարձութիւններու մասին, որոնք պիտի հետեւին համապատասխան փաստաթուղթերու ստորագրման։ Բայց, մեր կարծիքով, նկատի ունիմ բոլորիս՝ թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահի եւ թէ Հայաստանի վարչապետի, անոնք յաղթահարելի խոչընդոտներ են։ Մեծ հաշուով՝ անոնք գոյութիւն չունին, զուտ թեքնիք հարցեր են», շարունակեց Փութին եւ աւելցուց, որ յաջորդ շաբաթ փոխ-վարչապետները պիտի հանդիպին ու վերջնական տեսքի պիտի բերեն այդ հարցերը։

Օրուան տեւողութեան Փութին տուած էր նաեւ այն պատգամը, թէ ճանապարհներու ապաշրջափակումը ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլ ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ շահաւէտ ու նպաստաւոր է։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մինչ այդ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Մոսկուայի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլլըր յայտնեց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի բանակցութիւններու շարունակման։ Ամերիկեան կողմը կը հաւատայ, թէ Երեւան-Պաքու համաձայնութիւնը հասանելի է։ Բանբերին խօսքով՝ ԱՄՆ-ի տեսակէտէ կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու շարունակուիլը։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+