​ընտրեալ-Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու Եւ Աք Կուսակցութեան Կողմէ Ներկայացուցիչներ Խմբագրատունս Այց - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

23 Mayıs 2023  

​ընտրեալ-Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու Եւ Աք Կուսակցութեան Կողմէ Ներկայացուցիչներ Խմբագրատունս Այց -

​ընտրեալ-Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու Եւ Աք Կուսակցութեան Կողմէ Ներկայացուցիչներ Խմբագրատունս Այց ​ընտրեալ-Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու Եւ Աք Կուսակցութեան Կողմէ Ներկայացուցիչներ Խմբագրատունս Այցելեցին

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ գլխաւորուած կուսակցականներու խումբը։ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Կէօքհան Եիւքսելի առաջնորդած կուսակցականները եւ ընտրեալ-երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլին ընդառաջ անոնք փափաքած էին այցելել խմբագրատունս՝ մինչ ներկայիս կը սերտացնեն իրենց շփումներն ու համագործակցութիւնը համայնքային շրջանակներուն հետ։

Անշուշտ, այս փուլին իրենց զօրակցութեան կոչը, սպասումը յաչս մեր համայնքին ունի բաւական լաւ ու գործնականօրէն հիմնուած տրամաբանութիւն։ Արդարեւ, այս նոր շրջանին Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ Սեւան Սվաճըօղլու պիտի ըլլայ թրքահայ միակ երեսփոխանը՝ մանաւանդ, որ մաս պիտի կազմէ մեծամասնութեան ճամբարին։ Սա Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի քաղաքական կամքին ու դրական վերաբերմունքին ի շարունակութիւն ապահովուած արդիւնք մըն է եւ մեր համայնքին առջեւ կրնայ նոր հորիզոններ ուրուագծել, յառաջիկայ շրջանին կրնայ առաւելութիւններ ապահովել առկայ խնդիրներու լուծման ճանապարհին։ Անշուշտ, այդ առաւելութիւններու ապահովման նախապայմանն է, որ շաբաթավերջի երկրորդ քուէարկութեան արդիւնքով ալ յառաջատար դիրքի վրայ գտնուի նախագահ Էրտողան եւ վերընտրուելով շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը։

Ընտրեալ-պատգամաւոր Սեւան Սվաճըօղլուի եւ Կէօքհան Եիւքսելի կողմէ գլխաւորուած կուսակցականներուն հետ երէկ խմբագրատանս երդիքին տակ ծաւալուած զրոյցն ալ այս տրամաբանութեան շրջանակին մէջ ընթացաւ։ Հիւրերը շեշտեցին, որ ԱՔ կուսակցութիւնն ու նախագահ Էրտողան միշտ յարգանքով կը վերաբերուին երկրի խայտաբղէտ պատկերին նկատմամբ ու միշտ կ՚առաջնորդուին այն սկզբունքով, թէ զանազանութիւնները հիմնական հարստութիւն կը համարուին եւ ընդհանուր միասնականութեան համար անհրաժեշտ նախապայմանն են։

Թէ՛ Սեւան Սվաճըօղլու եւ թէ Կէօքհան Եիւքսել հանդիպման ընթացքին նշեցին, որ նախագահ Էրտողանի վերընտրութիւնը պիտի բնորոշէ երկրէն ներս նոր ոստումի մը փուլը եւ յառաջիկայ ձեռքբերումներէն դարձեալ անմասն պիտի չմնան Թուրքիոյ հայազգի քաղաքացիներն ու ընդհանրապէս ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+