Ծանրակշիռ կորուստներ - Հայերէն
12 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Անի / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

27 Mayıs 2023  

Ծանրակշիռ կորուստներ -

Ծանրակշիռ կորուստներ Ծանրակշիռ կորուստներ

Թրքահայ կեանքէն ներս վերջին տարիներուն միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի ընդարձակ տարածքէն ներս՝ շինարարութեան համար ձեռնարկուած գործարքը։ Այս ընդարձակ տարածքէն ներս այժմ կատարուած է հսկայ շինարարութիւն մը։ Բանկալթըի մէջ՝ քաղաքի կեդրոնի սրտին վրայ երկինք խոյացած է իսկապէս վիթխարի համալիր մը, որ վաղուց Մխիթարեան վարժարանի կրթական առաքելութեան յարատեւութիւնը երաշխաւորելու իմաստով կը պատկերացուէր՝ որպէս երկարաժամկէտ ապահովագրութիւն։ Յամենայնդէպս, այժմ, երբ շինարարութիւնը վերջացած է, դժբախտաբար, այդ ակնկալութիւնները չեն արդարացած։

Երէկ երեկոյեան, Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։ Բաց ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ ծաւալուեցաւ հրապարակային մանրամասն քննարկում, որ տեւեց աւելի քան երկուքուկէս ժամ։ Ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքի կողմէ գլխաւորուած նորընտիր մատակարար մարմինը անհրաժեշտութիւն զգացած էր հանրային կարծիքը՝ մանաւանդ համայնքային շրջանակներն ու դպրոցի զանազան սերունդներէ սաները լուսաբանել այս փուլին, այսինքն պաշտօնի կոչուելէ շուրջ չորս ամիս վերջ։ Արդարեւ, Մխիթարեանի տարածքէն ներս կատարուած շինարարութեան այժմու վիճակի լոյսին տակ հետզհետէ յայտնի դարձած է ցաւալի պատկեր մը։ Մատակարար մարմինը այժմ ահազանգ կը հնչեցնէ, որ նախորդ շրջանին առնուած քայլերուն եւ կատարուած կարգադրութիւններուն հետեւանքով յառաջացած է շահերու եւ իրաւունքներու մեծ վնաս մը, կան ծանրակշիռ կորուստներ։ Մակերեսի բաժանման եւ վարձակալութեան պայմաններու առումով խնդրայարոյց եւ ոչ-նպաստաւոր կացութիւն մը կը դիմագրաւէ մատակարար մարմինը։

Հարցականներու, բանավէճի, պնդումներու եւ հաշուեկշիռներու մթնոլորտին մէջ, երէկ երեկոյեան արտայայտուեցան Ռաֆֆի Ալիք, ինչպէս նաեւ դպրոցի շրջանաւարտներէն Օննիկ Փեշտեմալճեան, որ այս նիւթին շուրջ յատուկ յանձնարարութիւններով խորհրդական կարգուած է մատակարար մարմնին։ Իրաւաբան Հաքան Հարմանն ալ բերաւ իր նպաստը ընդհանուր քննարկումներուն։ Վերջին շրջանին ան ալ մատակարար մարմնին կողմէ ներգրաւուած է առկայ հարցերու լուծման ուղղեալ ջանքերուն։ Նկատի ունենալով, որ քննադատութիւնները կը վերաբերէին նախկին շրջանի մատակարար մարմնին՝ հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ նախկին մատակարար մարմնի ատենապետ տքթ. Արման Գամառ, որ փորձեց ներկայացնել հակափաստարկներ եւ պատասխանել նախկին վարչայիններուն հասցէագրուած մեղադրանքներուն։

Կարելի չէ ըսել, որ ներկաները հարիւր տոկոս համոզուեցան բոլոր ուղղութիւններով, սակայն, քաղաքացիական արիութեան առողջ դրսեւորումները եւ խնդիրները գաղափարական հարթութեան վրայ պահելու, չանձնականացնելու ձգտումները դրական ու ողջունելի էին։ Նորընտիր եւ նախկին մատակարար մարմիններու գործունէութեան մօտեցումներն ու հիմնաւորումները բիւրեղացան յաչս հանրային կարծիքին՝ մինչ դպրոցի բոլոր սերունդներէ սաները առաջին հերթին կը տագնապին հաստատութեան տեսակէտէ երկարաժամկէտ երաշխիքներու եւ ելմտական կայունութեան առումով, ինչ որ շատ կենսական է Մխիթարեանի առաքելութեան յարատեւութեան դիտանկիւնէն։

Երէկուան երեկոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Սարգիս Սիրոփ, լիսէի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Եւա Օրագեան եւ Էլտա Գարակէօզեան, զանազան սերունդներէ մխիթարեանցիներ եւ հետաքրքիրներ։

Ըստ երէկ մատուցուած բաւական թափանցիկ տուեալներուն, Մխիթարեանի վաքըֆը այս պահուն ունի շուրջ 3 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակով պարտք, որու միայն 1 միլիոնը թրքական լիրայի հիմունքով է։ Նորակառոյց համալիրի մակերեսը, ըստ վաքըֆին եւ շինարարին միջեւ կնքուած համաձայնութեան, պէտք է բաժանուէր 55 տոկոսի (շինարարին) եւ 45 տոկոսի (վաքըֆին) յարաբերակցութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, ներկայ գործնական պայմաններով վաքըֆին վիճակած մակերեսը շուրջ 6 տոկոսով աւելի նուազ է, ինչ որ հսկայական գումարներու կը համապատասխանէ։

Հրապարակի պայմաններով, վարձու տրուած շէնքի մը պարագային սակագինը պէտք է համապատասխանէ որոշ չափանիշներու։ Այսինքն, վարձակալը այնպիսի գումար մը պէտք է վճարէ, որ շուրջ 30 տարուան կտրուածքով իր վճարումները համազօր ըլլան տարածքի կամ շէնքի հրապարակի վաճառման արժէքին։ Մինչդեռ, նորակառոյց շէնքէն ներս Մխիթարեանին բաժին վիճակած տարածքներու ամորթիսմանին համար՝ այժմու վարձակալութեան սակագիներով անհրաժեշտ է 250 տարի։

Ծրագրին ամբողջ անցեալը ժամանակագրական ձեւով ներկայացնելէ վերջ, այժմու մատակարար մարմնի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ անցեալ շրջանին իրաւաբաններու եւ մասնագիտական կառոյցներու հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները չեն ծաւալուած եւ գործարքները կնքուած են՝ առանց մասնագիտական տեղեկագրերու տուեալները նկատի ունենալու։ Մատնանշուեցաւ, որ այս առումով կրնայ օրակարգի վրայ գալ անհատական պատասխանատուութեան հանգամանքներ, սակայն, այդ բոլորը կը մնայ մատակարար մարմնի հայեացքին։ Օննիկ Փեշտեմալճեան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ համալիրի պանդոկի բաժինը, որու սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի վաքըֆին, վարձու տրուած է շատ խնդրայարոյց պայմանագիրով մը։ Վարձակալական այդ փաստաթուղթը կ՚ենթադրէ փոխանցման իրաւունք, ենթավարձակալութեան իրաւունք եւ այլն։ Այդ պայմանագիրը պատրաստուած է միայն մէկ օրինակով եւ բնագիրը անհասանելի եղած է այժմու մատակարար մարմնին։ Աւելի՛ն, այդ պայմանագիրը ունեցած է կցեալ հինգ փաստաթուղթ եւ անոնք մինչեւ հիմա անհասանելի կը մնան մատակարար մարմնին։ Մտահոգութիւն կայ, թէ այդ անհասանելի կցեալ փաստաթուղթերուն հետեւանքով անակնկալներու դէմ յանդիման կրնայ մնալ մատակարար մարմինը։

Տքթ. Արման Գամառ յայտնեց, որ պայմանագրի այդ փոխանցման կամ ենթավարձակալութեան վերաբերեալ իրաւունքները կրնան գործադրուիլ՝ միայն վաքըֆի մատակարար մարմնի հաւանութեամբ։ Ան նշեց, որ ինք չէր յիշեր կցեալ փաստաթուղթերու վերաբերեալ հանգամանքները, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ անոնք թեքնիք բնոյթ ունենան, նոյնիսկ ըլլան տեսանիւթեր։ Իսկ իր ընդդիմախօսները նշեցին, որ վաքըֆի մատակարար մարմինը միայն համոզիչ պատճառաբանութիւն մը գտնելու պարագային կրնայ փոխանցումներու կամ ենթավարձակալութեան իրաւունքներու իրացման արգելք հանդիսանալ եւ այս պարագային գործնականօրէն դժուար է զգալ ամուր գետին մը։ Ակնարկութիւնները անխուսափելիօրէն ծնունդ տուին մտահոգութիւններու, թէ գործնականօրէն վտանգուած կրնայ ըլլալ նոյնիսկ վաքըֆի վիճակած բաժիններուն սեփականութեան իրաւունքը։ Ատենախօսները շեշտեցին, որ այսօրուան պայմաններով Մխիթարեանը նորակառոյց այս շէնքէն առնուազն 5 միլիոն թրքական լիրա ամսական հասոյթ պէտք է ունենար, սակայն ներկայիս այդ գումարը միայն 1 միլիոն 200 հազար լիրա է ու տակաւին կան անցեալ շրջաններէն մնացած պարտքեր։ Մատակարար մարմինը շեշտեց, որ դպրոցի այժմու ելմտական հաւասարակշռութիւնները կը պահուին, նոյնիսկ ընթացիկ վճարումները կը կատարուին Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն փոխառութիւններով։

Հաւաքոյթի աւարտին Ռաֆֆի Ալիք շեշտեց, որ մատակարար մարմինը վճռական է յամառօրէն հետամուտ ըլլալու Մխիթարեանի բոլոր իրաւունքներուն, բոլոր կորուստները ետ պիտի պահանջուին եւ անհրաժեշտութեան պարագային իրաւական պայքարի պիտի ձեռնարկեն։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+