​Ազգային Կրթութեան Նախարար Թեքին Պիտի Տեսակցի Փոքրամասնութիւններու Վարժարաններու Վարիչներուն Հետ - Հայերէն
07 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

07 Kasım 2023  

​Ազգային Կրթութեան Նախարար Թեքին Պիտի Տեսակցի Փոքրամասնութիւններու Վարժարաններու Վարիչներուն Հետ -

​Ազգային Կրթութեան Նախարար Թեքին Պիտի Տեսակցի Փոքրամասնութիւններու Վարժարաններու Վարիչներուն Հետ ​Ազգային Կրթութեան Նախարար Թեքին Պիտի Տեսակցի Փոքրամասնութիւններու Վարժարաններու Վարիչներուն Հետ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեղեկացուց, որ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ներկայիս աշխատանք կը տանի՝ կազմակերպելու համար պոլսահայ վարժարաններու վարչայիններուն եւ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի միջեւ հանդիպում մը։

Ֆէրիգիւղի երէկուան սիրոյ սեղանի հուսկ բանքին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Սեւան Սվաճըօղլու իրեն մայրաքաղաքի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ դրական լուրեր հաղորդած է։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախարար Եուսուֆ Թեքինի հետ աշխատանքային խորհրդակցութեան մը ընթացքին փափաքած է տեղեկութիւններ քաղել՝ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վարժարաններու ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Նախագահ Էրտողանի այս հետաքրքրութիւնը հիմնաւորեալ ձեւով յագեցնելու համար նախարար Թեքին գործի լծուած է՝ դիմելով նաեւ երեսփոխան Սվաճըօղլուի օգնութեան։

Ուստի, Սեւան Սվաճըօղլու այժմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանի, որպէսզի թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ փոքրամասնական միւս համայնքներու դպրոցներու վարիչները սեղանի մը շուրջ համախմբէ նախարար Եուսուֆ Թեքինի հետ։ Կը նախատեսուի, որ այս շփումը տեղի ունենայ յառաջիկայ շաբաթներուն։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկուան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Սեւան Սվաճըօղլու կ՚աշխատի թէ՛ մեր համայնքին եւ թէ միւս բոլոր փոքրամասնական համայնքներուն համար։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը զօրակցին Սեւան Սվաճըօղլուի գործին ուղղութեամբ, անկախ սեփական աշխարհահայեացքէ։




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+