​Արա Կիւլէրի Թանգարանի Պատասխանատուները Այցելեցին Ժամանակ-Ի Խմբագրատունը - Հայերէն
10 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Մուրց / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

17 Şubat 2024  

​Արա Կիւլէրի Թանգարանի Պատասխանատուները Այցելեցին Ժամանակ-Ի Խմբագրատունը -

​Արա Կիւլէրի Թանգարանի Պատասխանատուները Այցելեցին Ժամանակ-Ի Խմբագրատունը ​Արա Կիւլէրի Թանգարանի Պատասխանատուները Այցելեցին Ժամանակ-Ի Խմբագրատունը

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Արա Կիւլէրի թանգարանին պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ Չաղլա Սարաչի։ Ծանօթ է, որ աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետին անգնահատելի ժառանգութիւնը արժեւորելու առաջադրութեամբ կ՚աշխատի այս թանգարանը, որ խարսխուած է «Պոմոնթիատա»ի համալիրէն ներս։ Այցելութեան ընթացքին Չաղլա Սարաչին ընկերացան՝ թանգարանի աշխատակազմէն Սելինայ Շէնկիւլ, Թուանա Փուլաք, Եասեմին Էօզիւյէ եւ Թեմէլ Եըլմազ, որոնք հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ մայիսի 9-ին թանգարանին մէջ պիտի բացուի Արա Կիւլէրի նոր ցուցահանդէս մը։ Այս նոր նախաձեռնութիւնով գեղարուեստասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ պիտի դրուին՝ Արա Կիւլէրի նշանաւոր Գումգաբուի ձկնորսներու վերաբերեալ դրուագները։ 21-27 մայիս 1952 թուականին առաջին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մէջ լոյս տեսած են Արա Կիւլէրի այդ դրուագները՝ յօդուածաշարքի մը ձեւաչափով։ Թէեւ սկիզբին յօդուածաշարքը Արա Կիւլէրի լուսանկարներով եւ Վարդան Օզինեանի գրիչով մատուցուած է ընթերցողներուն, սակայն շարունակութեան Արա Կիւլէր գործը ի կատար ածած է թէ՛ լուսանկարներով եւ թէ յօդուածներով։ Եզրափակիչ փուլին Վարդան Օզինեան Գումգաբուի հայ ձկնորսներուն մասին ամփոփիչ գրութիւն մըն ալ ստորագրած է։ 1952 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած այդ յօդուածաշարքը պատմական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այդ դրուագները Արա Կիւլէրի մամուլի մէջ լոյս տեսած առաջին լուսանկարները եղած են։ Այսօր բոլորին ծանօթ է, որ Արա Կիւլէրի լուսանկարները առաջին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած են եւ այդ հանգամանքը տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ լաւագոյնս արժեւորուած է, իսկ Գումգաբուի հայ ձկնորսներու վերաբերեալ յօդուածաշարքը «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ թրքերէն թարգմանութեամբ գիրքի ձեւաչափով տրամադրուած է նաեւ լայն հասարակութեան։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին թանգարանի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ այդ յօդուածաշարքի հիման վրայ նախատեսուած ցուցահանդէսի բացման ընդառաջ յարմար դատած էին անպայման ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան հետ շփման անցնիլ։ Անոնք յայտնեցին, որ մօտալուտ ցուցահանդէսը պիտի ընդգրկէ շուրջ 60 լուսանկար, ինչ որ մօտաւորապէս եռապատիկն է յօդուածաշարքին կցուած դրուագներուն։

Արա Կիւլէրի թանգարանը կը պատրաստուի ցուցահանդէսին առթիւ ալպոմ մըն ալ հրատարակել։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+