Հայաստան Ու Ֆրանսա Նոր Որակ Կը Հաղորդեն Իրենց Յարաբերութիւններուն - Հայերէն
01 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արեգ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

21 Şubat 2024  

Հայաստան Ու Ֆրանսա Նոր Որակ Կը Հաղորդեն Իրենց Յարաբերութիւններուն -

Հայաստան Ու Ֆրանսա Նոր Որակ Կը Հաղորդեն Իրենց Յարաբերութիւններուն Հայաստան Ու Ֆրանսա Նոր Որակ Կը Հաղորդեն Իրենց Յարաբերութիւններուն

Բարեկամութեան դարաւոր կապերուն կը յաջորդէ դաշնակից պետութիւններու ոգիով կառուցուած նոր իրավիճակ մը

Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը եւ Հայաստանի նկատմամբ Ֆրանսայի առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները վերջին երեք տարիներուն «աչքի փուշ» դարձած են յատկապէս Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի համար։ Որքան որ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները դրուին աւելի ամուր հիմերուն վրայ, այնքան աւելի մերժողական ձայներ կը լսուին վերոյիշեալ երկիրներէն, ուր իշխանութիւնները ամէն ինչ կ'ընեն միջազգային ասպարէզէն ներս Ֆրանսայի հեղինակութիւնը նսեմացնելու, Հայաստանը իրենց վտանգաւոր խաղին մէջ մինակ ձգելու համար։ Հակառակ ատոր, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ որակի փոփոխութիւն կայ, կամաց-կամաց, քայլ առ քայլ, բարեկամական յարաբերութիւններուն կը տրուի դաշնակից պետութիւններու հանգամանք, որ կրնայ ամրագրուիլ եւ պէտք է որ ամրագրուի նոր փաստաթուղթերով։

Երէկ պատմական օր մըն էր Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ։ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հոն գացած էր մասնակցելու համար Ֆրանսայի ազգային հերոս, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ֆրանսական դիմադրութեան շարժումի առաջամարտիկ Միսաք Մանուշեանի եւ կնոջ՝ Մելինէի աճիւններու վերայուղարկաւորման։ Պետական բարձրամակարդակ եւ անպատմելի արարողութիւն էր այդ մէկը, որուն մասին արձագանգ եղած ենք մեր միւս սիւնակներուն մէջ։

Իսկ մինչ այդ...։ Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոն եւ Վարչապետ Փաշինեան լուրջ բանակցութիւններ վարեցին նախ գլուխ գլխի, յետոյ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ եւ աւելի վերջ՝ համատեղ մամլոյ ասուլիսով։ Երկու առաջնորդներու յայտարարութիւնները ցոյց կուտային որ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը կը բացուի դաշնակից պետութիւններու ոգիին համապատասխան։

Էմանուէլ Մաքրոն կարեւոր նկատեց Փաշինեանի ներկայութիւնը Մանուշեաններու աճիւնները Պանթէոնին մէջ վերայուղարկաւորելու արարողութեան։ Ի լուր աշխարհի յայտարարեց որ Հայաստան կրնայ ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեան՝ անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, ժողովրդավարութեան ու խաղաղութեան ձգտումներու գծով։ «Ֆրանսա պիտի շարունակէ աջակցիլ արդար ու կայուն խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերուն։ Մենք համոզուած ենք թէ Հայաստան ու Ատրպէյճան խաղաղութեան կրնան հասնիլ միայն ու միայն միջազգային իրաւունքի, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը յարգելու հրամայականով», ըսաւ Մաքրոն։

Փաշինեան շեշտեց որ երկու երկիրներու միջեւ կապերը կը խորանան քաղաքական առումով եւ Ֆրանսա մեծ ներդրում ունի Հայաստանի շուրջ բարենպաստ միջավայր ձեւաւորելու գործին մէջ։

Երէկուայ յայտարարութիւնները փաստեցին որ Ֆրանսա պիտի զարգացնէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը՝ պաշտպանութեան մարզէն ներս, այսինքն այդ ուղղութեամբ պայմանագիրներ պիտի ստորագրուին Հայաստանին սպառազինութիւն տրամադրելու համար։ Ֆրանսա պատասխանատուութիւն ստանձնած է որեւէ յարձակում կանխելու նպատակով։ Ֆրանսա պիտի շարունակէ աջակցիլ նաեւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման։

Փաշինեանի յայտարարութիւններուն մէջ ուշադրութեան արժանի էր այն կէտը ըստ որու Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու զարգացումը ոեւէ մէկուն մօտ անհանգստութիւն պէտք չէ առաջացնէ, քանի որ Հայաստան կը ճանչնայ իր բոլոր դրացի երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը։ Միակ խնդիրը տարածքաշրջանի մէջ ճիշդ կշիռ ապահովելն է ու Հայաստանի անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելը, շեշտեց Փաշինեան։ Ան նաեւ Էմանուէլ Մաքրոնը Սեպտեմբերին պետական այցելութեամբ Հայաստան հրաւիրեց՝ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին առիթով սարքելի համերգին մասնակցելու համար։

Ելոյթներէն կարեւոր էր նաեւ այն որ Մաքրոն կոչ ուղղեց որպէսզի Ատրպէյճան անվտանգ ու անարգել վերադարձ ապահովէ բոլոր այն ղարապաղցիներուն, որոնք կը փափաքին Լեռնային Ղարապաղ վերադառնալ եւ իրենց ծննդավայր երկրին մէջ ապրիլ անվտանգ եւ ապահով միջավայրի մէջ։
Հանդիպումներու ու յայտարարութիւններու վրայէն քանի մը ժամ անցած է միայն, բայց Ատրպէյճան արդէն իսկ կրակ կը ժայթքէ Ֆրանսայի դէմ։ Պաքու
«միակողմանի ու անհիմն» որակեց Մաքրոնի յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերին Ղարապաղցիներուն։ Մասնաւորաբար զայրոյթ պատճառեց Ղարապաղի բնակիչներու՝ իրենց տուներ վերադառնալու իրաւունքը՝ «արագ, անարգել եւ անվտանգ» ապահովելու Մաքրոնի պահանջը։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+