​Ոգեւոր Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի Մէջ - Հայերէն
11 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

09 Eylül 2024  

​Ոգեւոր Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի Մէջ -

​Ոգեւոր Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի Մէջ ​Ոգեւոր Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի Մէջ

Հարիւրաւոր ուխտաւորներ շաբաթավերջին Վան մեկնեցան ու Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որ տարին անգամ մը կը մատուցուի եւ 2010էն ի վեր 12րդ անգամ է որ դարաւոր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը հաւաքէ հաւատացեալները։ Աւանդաբար, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը կը մատուցուի Խաչվերացի տօնէն շաբաթ մը առաջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գաւազանակիր Գասպար Աբղ. Կարապետեանի, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի եւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի հետ միասին Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամերուն մեկնեցաւ Վան։ Շաբաթ օր տեղի ունեցան այցելութիւններ (այս մասին կարդալ միւս սիւնակներուն մէջ)։

Բացի ատկէ, այսօր մեր Գ. էջի վրայ կը վերահրատարակենք մեր երկարամեայ աշխատակից Տօքթ. Իգնա Սարըասլանի «Դարէ Դար Աղթամար» բանաստեղծութիւնը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած ր 2020ին, յետոյ Մաժակ Թօշիկեանի կողմէ վերածուած էր օրաթորիոյի եւ մեկնաբանուած՝ Մարմարա-ի 70ամեակի առիթով։

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ 8 Սեպտեմբեր 2024, Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

10 Սեպտեմբեր 2024, Կիրակի առաւօտ ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքէս եւ արտասահմանէն ուխտաւորներու մեծ ու պզտիկ խումբեր ճամբայ ելան դէպի Աղթամար՝ մասնակցելու համար Ս. Պատարագին։ Առաւօտեան ժամը 09.00-ին հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը եւս, Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։ Իսկ ժամը 10.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց Աղթամար։

* Սուրբ Պատարագ։
Ժամը 10.30-ին կազմուած թափօրը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին ներկայ էր գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։ Իսկ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չրնարեան, Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրշ. Սարվէն Սրկ. Պչաքճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճեան եւ Ժիլպէռ Գափ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։

* Քարոզ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, բնաբան ունենալով Սաղմոսներէն «Ո՜վ Տէր, սորվեցուր ինծի համրել իմ օրերս» նախադասութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, թէ կեանքը անմահ է, սակայն մարդիկ՝ մահկանացու։ Այս իսկ պատճառաւ կարեւոր է մտածել անցեալ կեանքի եւ մնացեալ օրերու ու զանոնք արժեւորելու մասին։
Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ մնացեալ կեանքի եւ ապագայի մասին մտածելու համար սքանչելի պատճառ է Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարը։ Հազար տարի առաջ մարդիկ ապրեցան, սակայն իրենց ետին թողեցին այս տաճարը։ Այս տաճարը մեզի կ'’ըսէ. Անցաւոր ուխտաւոր ես դուն ալ։ Դո՛ւն ալ բան մը ըրէ։ Դաս ա՛ռ զիս կառուցողներէն։ Աստուածաշունչի կարեւոր հերոսները ճամբորդներ են։ Ամէն ճամբորդ երթալու հասցէ մը ունի։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ ամէն քրիստոնեայի համար այդ հասցէն խաչն է, որ մկրտութեան ատեն դրոշմուեցաւ մեր մարմնին իսկ վրայ եւ մեր շիրիմներուն վրայ ալ կը դրուի խաչի նշանը։
Պատրիարք Հայրը գնահատեց Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբը եւ իր վարիչ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, ինչպէս նաեւ Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւ ի մասնաւորի ատենապետ Մանուկ Գալայճըն, որ այս տարուան ուխտագնացութեան կնքահայրը եղաւ։
Իր խօսքի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պետական եւ տեղւոյն աւագանիին, որ բարի եղած են գործակցիլ Աթոռոյս, որպէսզի յաջողութեամբ ի կատար ածուի այլ եւս աւանդական դարձած սոյն ուխտագնացութիւնը։

* Խոստովանանք եւ Ս. Հաղորդութիւն։
Ուխտաւորներու հաւաքական խոստովանանքէ ետք, հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Հոգեհանգիստ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

* Անդաստան։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ թափորը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու »Ամէն, ալէլուիա«ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։ Ապա Նորին Ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան արարողութիւնները։

* Սիրոյ սեղան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը Վանայ լճի ափին հաւաքուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։ Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ։

* Վերադարձ։
Այսպէսով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը նոյն իրիկուն վերադարձան Ստանպուլ։

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+