Սաղաթէլեան. «Ընտրութիւններուն Հիմամբ Արձանագրուած Երկու Կարեւոր Փաստի Հետ Փաշինեան Չ՛ուզեր Հաշուի Ն -
Սաղաթէլեան. «Ընտրութիւններուն Հիմամբ Արձանագրուած Երկու Կարեւոր Փաստի Հետ Փաշինեան Չ՛ուզեր Հաշուի Նստիլ»
Երէկ հրապարակուած տեսաուղերձի մը մէջ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց. «Ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ արձանագրուած երկու կարեւոր փաստի հետ Նիկոլ Փաշինեան որեւէ ձեւով չ՛ուզեր հաշուի նստիլ եւ համակերպիլ: Առաջինը, հակառակ աննախադէպ, լայնածաւալ արտաքին աջակցութեան կամ տուեալ պարագային միջամտութեան, հակառակ պետական վարչական միջոցներու աննախադէպ կիրարկման եւ բազմաթիւ ապօրինութիւններու, Նիկոլ Փաշինեան չկրցաւ ստանալ մեր ժողովուրդի ձայներուն 50%-ը, եւ երկրորդ հանգամանքը, հակառակ աննախադէպ բռնաճնշումներուն, ապօրինութիւններուն, ընտրակեղծիքներուն, ֆիզիքական եւ տեղեկատուական ահաբեկչութեան, խորհրդարանական շեմը յաղթահարող ընդդիմադիր ուժերը կրցան արձանագրել շուրջ 550.000 քուէ»:
Սաղաթէլեան ըսաւ, որ հիմա այս փաստին հետ Փաշինեան չի համակերպիր եւ կը յայտարարէ, որ ընդդիմութեան ձայները կեղծուած են եւ ընդդիմութիւնը օրինական չէ, այդ ձայները ձեռք բերած է ընտրակաշառքով: «Ուրեմն լսէ՛ Նիկոլ Փաշինեա՛ն, այս երկրին մէջ եթէ կայ մէկ ընտրակեղծարար, ան ալ դո՛ւն ես: Եթէ կայ ոչ օրինական ենթակայ մը, ան ալ դո՛ւն ես եւ քու քաղաքական խումբդ: Հետեւաբար ուզես թէ չուզես այս փաստին հետ հաշուի պիտի նստիս», ըսաւ Սաղաթէլեան:
«Իսկ ընդհանրապէս, սիրելի՛ ժողովուրդ, այս ձեռագիրը նոյն ձեռագիրն է, բան չէ փոխուած իրենց մօտ, յանձնել Արցախը, ըսել, որ նախկինները ըրած են, կեղծել ընտրութիւնները, մեղքը բարդել ընդդիմութեան վրայ, եւ այս ամէն ինչի իմաստը ո՞րն է, շարունակ խուսափիլ պատասխանատուութենէ, շարունակ մեղքը բարդել ուրիշներու վրայ… Պիտի չյաջողիք, այս ճանապարհով որեւէ արդիւնքի պիտի չհասնիք, ուզէք, թէ չուզէք, դուք հաշուի պիտի նստիք մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան կարծիքին հետ, իսկ մեծամասնութիւնը ձեր օգտին չէ, առնուազն մեծամասնութիւնը ձեզի չէ քուէարկած, եւ հակառակ այդքան ճնշումներու ու յանցագործութիւններու, կէս միլիոնէ աւելի մարդ քուէարկած է ընդդիմութեան», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com