Սալամ. «Ուաշինկթընի Մէջ Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն Ընթացքին Պիտի Բազմապատկենք Ջանքերը` Մեր Հողերէ - Հայերէն
23 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

16 Haziran 2026  

Սալամ. «Ուաշինկթընի Մէջ Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն Ընթացքին Պիտի Բազմապատկենք Ջանքերը` Մեր Հողերէ -

Սալամ. «Ուաշինկթընի Մէջ Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն Ընթացքին Պիտի Բազմապատկենք Ջանքերը` Մեր Հողերէ Սալամ. «Ուաշինկթընի Մէջ Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն Ընթացքին Պիտի Բազմապատկենք Ջանքերը` Մեր Հողերէն Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացումը Ապահովելու Համար»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ նախարարաց խորհուրդի նիստի սկիզբը յայտարարեց. «Լիբանանին պարտադրուած պատերազմի սկիզբէն ի վեր, լիբանանեան կառավարութիւնը շարունակ գործեց զայն դադրեցնելու համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն յաւելեալ վնաս պատճառելէ Իսրայէլը ետ կանգնեցնելու համար: Եւ այսօր, կը յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գոյացուցած զինադադարի յայտարարութիւնը կը յաջողի վերջ տալու այս պատերազմին, սպանութիւնը, քանդումը, տեղահանութիւնը եւ լիբանանցիներու հասած մնացեալ աղէտներն ու ցաւերը դադրեցնելու: Այստեղ չեմ կրնար անկեղծօրէն շնորհակալութիւն չյայտնել բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս արդիւնքի ձեռք բերման»:

«Մենք Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի բազմապատկենք ջանքերը` մեր հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումն ու մեր գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար: Կառավարութիւնը նաեւ անցնող ամիսներուն աշխատանք տարաւ ամբողջ ներուժը զօրաշարժի ենթարկելու` տեղահանութեան տագնապին դարմանման համար: Մինչ անհամբեր կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ապահով ու արժանապատիւ կերպով վերադառնայ իր քաղաքները եւ գիւղերը, պիտի բազմապատկենք մեր եղբայրներուն ու բարեկամներուն հետ մեր ջանքերը` վերաշինութեան համար անհրաժեշտ եղող ամէն ինչի ապահովման համար», նշեց Սալամ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+