Անգարայի Մէջ Աուն-Էրտողան Հանդիպում - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

31 Temmuz 2026  

Անգարայի Մէջ Աուն-Էրտողան Հանդիպում -

Անգարայի Մէջ Աուն-Էրտողան Հանդիպում Անգարայի Մէջ Աուն-Էրտողան Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Անգարա: Նախագահը Աթաթուրքի դամբարան այցելելով ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք արձանագրած իր գրութեան մէջ նշեց. «Այսօր կանգնամ եմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի յուշարձանին առջեւ` յարգանքի տուրք մատուցելու այն մարդուն, որ մարմնաւորեց ժողովուրդի կամքը` վերականգնելու իր պետութիւնը եւ զոհաբերութեան միջոցով վերադարձուած հողը վերածեց օրէնքի եւ հաստատութիւններու վրայ հիմնուած հանրապետութեան:

«Աթաթուրքի փորձառութիւնը` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն գաղափարին վրայ պնդելով եւ հաստատ մնալով, ոգեշնչման աղբիւր կը մնայ իր իսկական պետութիւնը կառուցելու ձգտող իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար: Թուրք ժողովուրդի բարեկամ լիբանանցի ժողովուրդը այս փորձառութեան մէջ կը տեսնէ օրինակ, որ կարելի է ընդօրինակել օրէնքի եւ հաստատութիւններու, արդարութեան ու հաւասարութեան պետութիւն հաստատելու համար»:

Նախագահը ապա ուղղուեցաւ Թուրքիոյ նախագահական պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ:

Էրտողան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Լիբանանը պետութիւններէն առաջինն է, որ պիտի օգտուի շրջանին մէջ կայունութեան ու գործակցութեան մթնոլորտէն»:

«Նախագահ Աունի հետ գնահատեցինք բնոյթը օժանդակութիւններուն, զորս կրնանք Լիբանանին տրամադրել», ըսաւ ան:

«Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երկխօսութեան շարունակումն ու զարգացումը երկու երկիրներուն համար ալ օգտակար եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Մենք լիովին պատրաստ ենք Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման օգնութիւն տրամադրելու համար»:

«Կ՛ուզենք միանալ շրջանին մէջ կայունութիւն ու անվտանգութիւն երաշխաւորող որեւէ ուժի, ներառեալ Լիբանանի մէջ որեւէ այլընտրանքային ուժի», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

«Լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցութիւնն ու թիկունք կանգնիլը անխափան կերպով պիտի շարունակուին», յայտնեց Էրտողան:

«Լուսարձակները կեդրոնացուցինք Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործած պատերազմական ոճիրներուն վրայ», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք հարաւային Լիբանանի վերաշինութեան օժանդակելու»:

Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց. «Ուրախ եմ այցելելու Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, այցելութիւն մը, որ կ՛արտացոլէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ ամուր յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու համատեղ կամքը այնպէս, որ անիկա ծառայէ մեր երկու ժողովուրդներու շահերուն եւ նպաստէ մեր շրջանի կայունութեան»:

«Այս պահուս զիս ամէնէն շատ պատողը այս պահուն նկատմամբ պատասխանատուութեան զգացումն է: Պատասխանատուութիւնը, որ եկած եմ երկրէ մը, որ կը տառապի այնքան, որքան կը պայքարի, կը դիմանայ, կը յուսայ եւ կ՛երազէ: Ասիկա կ՛ըսեմ` ինծի հետ բերելով ցաւը ժողովուրդի մը, որ իսրայէլեան պատերազմին պատճառով սուղ գին վճարեց: Հազարաւոր զոհեր, գիւղեր քանդուեցան, ընտանիքներ իրենց տուներէն արմատախիլ եղան, եւ տնտեսութիւն մը, որ աւերուեցաւ պատերազմին պատճառով», ըսաւ ան:

«Մեր վճռածը իրողապէս հետեւեալն է` լիբանանեան բոլոր հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացում, մեր տեղահանուած ժողովուրդին իրենց գիւղեր վերադարձ, ինչպէս նաեւ ատոր զուգահեռ վերադարձ իրենց պետութեան ու հայրենիքին, վերաշինութիւն, տնտեսական վերականգնում, պետութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնում, բացառապէս մեր օրինական ուժերուն գերիշխանութեան մենաշնորհի ապահովում` պաշտպանելու համար մեր հողի իւրաքանչիւր թիզը, մեր ամբողջ ժողովուրդը, մէկ պետութեան, մէկ բանակի եւ գերիշխանական մէկ որոշումի ծիրին մէջ», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:

«Այդ մէկը իրագործելու համար յառաջ կ՛ընթանանք առանց մեր ազգային արժանապատուութենէն հրաժարելու, բռնաճնշող ուժերուն անձնատուութիւն չկայ, դրացիի, բարեկամի կամ եղբօր մը գրգռութիւն չկայ, մեր ներքին կամ գերիշխանական հարցերուն միակողմանի միջամտութիւն չկայ: Այս է Թուրքիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնը` անոնց արդի պետութիւններու ստեղծումէն ի վեր», նշեց ան:

«Արդի Թուրքիոյ հիմնադիրը` նախագահ Քեմալ Աթաթուրքը բարձրացուց հիմնարար կարգախօս մը, որ այսօր ի զօրու կը նկատենք. «Խաղաղութիւն հայրենիքի մէջ եւ խաղաղութիւն աշխարհի մէջ»: Մէկ դար ետք այս կարգախօսը նուազ կարեւոր չի թուիր, այլեւ աւելի հրատապ, քան երբեւէ», ըսաւ Աուն` ընդգծելով, որ հայրենիքի մէջ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն ուժեղ պետութեան, արդիւնաւէտ հաստատութիւններու, տնտեսական բարգաւաճման, բոլոր քաղաքացիներու համար ազատութեան եւ արդարադատութեան միջոցով:

«Ինչ կը վերաբերի մեր շրջանին եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան, ապա անոր կարելի է հասնիլ միայն պետութիւններու գերիշխանութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի, սեփական գործերը կառավարելու իրաւունքի, իրենց հարստութիւններէն օգտուելու եւ անոնց միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցով` հիմնուելով հասարակաց շահերու եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

«Թերեւս այս այցելութիւնը պէտք եղածէն աւելի ուշացաւ` նկատի ունենալով, որ եօթանասուն տարուան ընթացքին Թուրքիա այցելող Լիբանանի երրորդ նախագահն եմ: Առիթով պարծենալու համար թիւ մը չեմ նշեր, այլ յիշեցնելու, թէ մեր երկիրներու յարաբերութիւնները արժանի են աւելի ակնառու եւ յաւակնոտ ըլլալու:

«Այսօր այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ վճռորոշ պահու, որովհետեւ մեր շրջանը կը վերաձեւաւորէ իր ապագան: Մեր պարտականութիւնն է ապահովել, որ թուրք-լիբանանեան գործընկերութիւնը ըլլայ այս ապագայի ձեւաւորման գործօն մասնակից, այլ ոչ թէ պարզապէս դիտող: Ես նախագահ Էրտողանի մէջ զգացի յստակ տեսլական եւ անկեղծ ցանկութիւն` մեր յարաբերութիւնները բարձրացնելու համագործակցութեան նոր մակարդակի: Ես զինք գտայ իբրեւ պետական գործիչ, որ խորապէս կը հասկնայ շրջանը եւ կը գիտակցի, թէ Լիբանանի կայունութիւնը միայն լիբանանեան հարց չէ, այլ ամբողջ շրջանի կայունութեան անբաժանելի մասն է», ըսաւ Աուն` աւելցնելով. «Ես վստահ եմ, որ այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ թուրք-լիբանանեան յարաբերութիւններու նոր փուլի սկիզբը, որ կը բնութագրուի գործընկերութեամբ, վստահութեամբ եւ միացեալ քայլերով»:

«Կ՛ուզեմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան` կառավարութեան, ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնել անոր ամէնէն դժուար պահերուն` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, վերջին պատերազմի ընթացքին եւ ամէն պահու, որ Լիբանանը բարեկամի կարիք ունեցաւ, Լիբանանի կողքին կանգնելու համար:

«Ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան շնորհակալութիւն կը յայտնեմ լիբանանեան բանակին շարունակուող աջակցութեան  համար եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մէջ անոր ազդու մասնակցութեան համար, որ յանձնառութիւն մըն է, որ բարձր կը գնահատենք եւ անոր շարունակման կը յուսանք: Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ջերմ ընդունելութեան ու անկեղծ երկխօսութեան համար եւ անհամբեր կը սպասեմ, որ այս այցելութիւնը դառնայ Լիբանան-Թուրքիա յարաբերութիւններու նոր փուլի մեկնարկային կէտ, որ մեր երկու երկիրներու պատմութեան վայել է եւ մեր երկու ժողովուրդներու ձգտումներուն կ՛ընդառաջէ», եզրափակեց նախագահ Աուն:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+