Լեւոն Արոնեան Կրնկակոխ Կը Հետապնդէ Մակնիւս Քարլսէնը -
Լեւոն Արոնեան Կրնկակոխ Կը Հետապնդէ Մակնիւս Քարլսէնը
Հայազգի հանրածանօթ մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել միջազգային ճատրակի բեմին վրայ։ Շուրջ շաբաթ մը առաջ Արոնեան դարձաւ Պիէլի մրցաշարքի յաղթող, հաստատելով իր բարձր վարպետութիւնն ու անպարտելիութիւնը արագ ճատրակի մրցաձեւին մէջ։ Այո՛, հայազգի վարպետը աշխարհի ամէնէն ուժեղ արագ ճատրակ խաղացողներէն մէկն է։ Իր կայուն եւ բարձրակարգ խաղով ան շարունակ կը պահպանէ աշխարհի ընտրանիին մէջ իր դիրքը եւ այսօր բառացիօրէն կրնկակոխ կը հետապնդէ Մակնուս Քարլսէնը արագ ճատրակի համաշխարհային դասաւորման մէջ։
Միւս կողմէ, ՖԻՏԷ-ի դասական ճատրակի վերջին վարկանիշային աղիւսակին մէջ Լեւոն Արոնեան կը զբաղեցնէ 23-րդ տեղը։ Աշխարհի լաւագոյն եռեակը կը կազմեն Մակնուս Քարլսէնը, Ֆապիանօ Քարուանան եւ Հիքարու Նաքամուրան։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com