Վասիլեւ. «Ռուսիան Կը Ցանկայ Պահպանել Հայաստանի Հետ Բարեկամական Յարաբերութիւնները» -
Վասիլեւ. «Ռուսիան Կը Ցանկայ Պահպանել Հայաստանի Հետ Բարեկամական Յարաբերութիւնները»
Ռուսիան կը ցանկայ պահպանել Հայաստանի հետ իր բարեկամական յարաբերութիւնները, իսկ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ երկիրները նոյնպէս ունին իրենց շահերն ու Երեւանի հետ յարաբերութիւններու պատմութիւնը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ:
«Մենք կը ցանկանք պահպանել Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները` հաշուի առնելով, որ մեր ժողովուրդներու կեանքերն ու ճակատագիրները միահիւսուած են ոչ թէ տասնամեակներով, այլ դարերով:
«ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ պետութիւններն ալ ունին իրենց շահերն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու սեփական պատմութիւնը», նշած է Վասիլեւ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com