«Մարիոթ» Ջնջեց Դէպի Բռնագրաւեալ Արցախ Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

06 Ağustos 2026  

«Մարիոթ» Ջնջեց Դէպի Բռնագրաւեալ Արցախ Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը -

«Մարիոթ» Ջնջեց Դէպի Բռնագրաւեալ  Արցախ Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը «Մարիոթ» Ջնջեց Դէպի Բռնագրաւեալ Արցախ Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ «Մարիոթ Պոնվուա» ընկերութիւնը ջնջած է դէպի ցեղային զտման ենթարկուած Արցախ իր խնդրայարոյց զբօսաշրջութեան ծրագիրը` Հայ դատին եւ աշխարհասփիւռ իր գործընկերներուն ու դաշնակից կազմակերպութիւններուն գլխաւորած հնգօրեայ միջազգային արշաւէն ետք:

«Մարիոթ»-ի 14 ժամեայ ծրագիրը ճամբորդներուն տրամադրելի կը դարձնէր առաջնորդուած պտոյտ մը Արցախի տարածքին, ներառեալ` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները: Անոր ծանուցումին մէջ ակնարկութիւն չկար ո՛չ Արցախի հազարամեայ պատմութեան` իբրեւ հայ քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի օրրան եւ ո՛չ ալ ազրպէյճանական յարձակումին, շրջափակման եւ ցեղային զտման, որոնք պարպեցին Արցախը իր 150.000 բնիկ հայերէն:

Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծութիւններու կեդրոնը (CARA) բացայայտեց կացութիւնը 27 յուլիսին` աւանդական եւ ընկերային ցանցերու բազմաթիւ հարթակներու վրայ ահազանգ հնչեցնելով այս շրջապտոյտին գծով: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` Եւրոպայի եւ հայկական սփիւռքի տարածքին գործող Հայ դատի իր միջազգային մարմիններուն, դաշնակիցներուն եւ լրատուամիջոցներուն հետ արագօրէն օգտագործեց CARA-ի ահազանգը եւ գլխաւորեց համադրուած արշաւ մը վեց ցամաքամասերուն վրայ` հասնելով ծրագիրի ջնջումին, նուազ քան հինգ օրուան ընթացքին:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+